Ճրագալոյցը՝ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ


Շաբաթ, 15 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան Ճրագալոյցի արարողութիւն եւ օրուն յատուկ Ս. Գրային ընթերցումներն ու Ս. Պատարագ, որուն աւարտին, պատարագիչ հոգեւոր հայրերը Քրիստոսի Ս. Յարութեան աւետիսը հաղորդեցին հաւատացեալներուն, որոնք Ս. Խորանէն վառուած մոմերով տուն վերադարձան՝ Քրիստոսի լոյսով ջերմացնելու իրենց ընտանեկան յարկերը։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ եւ իր պատգամը ուղղեց «Կեանք պարգեւող Քրիստոս, անմահ Թագաւոր, դուն որ մեռելներէն յարութիւն առիր, երկնային զուարթուններուն հետ նոր օրհնութիւն պիտի երգենք քեզի. ալէլուիա՜» բնաբանով։ Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ մեզ առաջնորդեց Մեծ Պահքի եօթը շաբաթներու հոգեւոր ուղեւորութեան ընթացքին, օգնեց մաքրելու մեր հոգիները եւ պատրաստ ըլլալու Քրիստոսի Ս. Յարութեան աւետիսը դիմաւորելու։ Ան խօսեցաւ Աւագ Շաբթուան խորհուրդներուն մասին, որոնք կը յուշեն Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին օրերու դէպքերը, անոր չարչարանքները, խաչելութիւնն ու թաղումը մեր մեղքերու քաւութեան ու փրկութեան համար։ Ան ըսաւ, որ չարիքն ու ատելութիւնը լեցուցած էին Յիսուսի թշնամիներուն սիրտերը, եւ անոնք մահուան դատապարտեցին Յիսուսը, կարծելով, որ պիտի կարենան վերջ դնել անոր առաքելութեան, սակայն գերեզմանը անոր վախճանը չեղաւ, որովհետեւ ան յաղթեց մահուան, խորտակեց դժոխքը եւ մեզի տուաւ նոր կեանքի ու յաւիտենական կեանքի պարգեւը։

Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ օրուան Աւետարանի ընթերցումին վրայ (Մատթ. 28։1-20), որ կը նկարագրէ իւղաբեր կիներուն երկիւղն ու շփոթանքը՝ ի տես Յիսուսի թափուր գերեզմանին, երբ անոնք գացած էին Յիսուսի մարմինը իւղով օծելու։ Հրեշտակը երեւցաւ անոնց ու աւետեց, թէ Տէրը յարութիւն առած էր։ Մինչ բարի կիներուն հոգիները միաժամանակ վախով ու ցնծութեամբ կը լեցուէր, քահանայապետները կը շարունակէին իրենց վատ ընթացքը, ու կը փորձէին գերեզմանին պահակները կաշառել, որպէսզի անոնք ըսեն, թէ աշակերտները գողցած են անոր մարմինը։ Անոնք անգամ մը եւս ձախողեցան, երբ Յիսուս երեւցաւ իր աշակերտներուն եւ ցնծութեան պատգամը տուաւ անոնց։

Անդրադառնալով նախօրեակին՝ Աւագ Ուրբաթի խորհուրդին ու անկէ բխող պատգամին, Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ եթէ յաջողած ենք մեղքն ու բացասականութիւնը վանել մեր սիրտերէն ու էութենէն, այսօր կրնանք ցնծալ անոնց հետ, որոնք Տիրոջ փառքը երգեցին, եւ յարուցեալը չենք փնտռեր մեռելներուն մէջ, որովհետեւ Քրիստոս կ’ապրի մեր մէջ, մեր կողքին է մեր իւրաքանչիւր քայլափոխին, ու եթէ ան մեզի հետ է, ոչ ոք կրնայ մեզի հակառակիլ։ Հետեւաբար, այսօր օրն է յաղթական վերանորոգումը տօնելու, ընդառաջելու նոր մարդ դառնալու հրաւէրին, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ օրհնեց հաւատացեալները։

Ապա, հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացան։ Ս. Պատարագի աւարտին, «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» շարականի երգեցողութեամբ տեղի ունեցաւ մոմավառութեան խորհրդաւոր արարողութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Խորանէն բերուած մոմով վառեց հաւատացեալներուն մոմերը, ինչ որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի անմար լոյսը եւ ընտանիքներու յարկերէն ներս անոր տարածումը։ Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Պահպանիչ«ով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022