ԷՆՍԻՆՕ

Ս. Նահատակաց Հայց. Առաք. Եկեղեցի

Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Հոգեւոր Հովիւ

5300 White Oak Ave.
Encino, CA 91316

Telephone: (818) 981-6159
Fax:
 (818) 981-7041
Website: www.holymartyrsencino.com
E-mail: hmartyrs@yahoo.com or info@holymartyrsencino.com

Պահուած արձանագրութիւններու հիման վրայ, 1960ական տարիներուն, Մեծն Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ շուրջ 35 հազար հայ հաշուող գաղութ մը կազմուած էր, որուն մօտաւորապէս 4,000-ը կÿապրէր Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ:  Զգալով հոգեւոր կարիքներու մատակարարման անհրաժեշտութիւնը, շրջանի հայութիւնը միասնական ճիգով կը գնէ մէկ ու կէս արտավար տարածութեամբ հողամաս մը:

Հիմնօրհնէքը կը կատարուի 5 Մարտ 1961-ին, ձեռամբ Ամերիկահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի (Վախճանած 1980): Հիմնօրհնէքի արարողութեան կը մասնակցին նաեւ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Լափաճեան (յետոյ Արքեպիսկոպոս), եւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Եղիշէ Աւ. Քհնյ. Մխիթարեան:

Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումը կը կատարուի 13 Հոկտեմբեր 1963-ին, ձեռամբ Տ. Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի եւ մասնակցութեամբ Տ. Սմբատ Վրդ. Լափաճեանի:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022