ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

Ծանօթ է որ Ամերիկայի մէջ մեր եկեղեցւոյ գործունէութիւնը սկսած է Խրիմեան Հայրիկի կաթողիկոսութեան օրերուն։ Մեր եկեղեցւոյ ծառայութիւնը սկսած է արեւելեան նահանգներու մէջ, ապա, հայութեան տեղաշարժին բերումով, ծաւալած է դէպի արեւմտեան նահանգներ, սկսելով Քալիֆորնիայէն։

Ցեղասպանութեան ու բռնագաղթի տարիներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Մեծ Եղեռնի արհաւիրքէն ետք, Կիլիկեան իր տարածաշրջանէն բռնի կերպով հեռացուեցաւ Ցեղասպանին կողմէ, կորսնցուց Սիսի մէջ իր դարաւոր Աթոռանիստն ու Արեւմտահայաստանի Թեմերը։ Կաթողիկոսութիւնը, որոշ շրջան մը թափառական մնալէ ետք, վերակազմակերպեց ինքզինք, հաստատուեցաւ Լիբանանի ծովեզրեայ Անթիլիաս աւանին մէջ եւ դարձաւ սփիւռքահայութեան հոգեւոր կեդրոնը:

Շնորհիւ Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ պատրաստուած հոգեւորականներու եւ աշխարհական գործիչներու փաղանգին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կարճ ժամանակամիջոցի մէջ հսկայ աշխատանք ծաւալեց, ու հասաւ Սփիւռքի օճախներու տակաւ աճող հոգեւոր, կրթական ու մշակութային կարիքներուն:

Ծաւալող այդ առաքելութեան ծնունդ է Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմը, որ հիմնուեցաւ 1958ին, եւ կը շարունակէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան խնամքին ու հոգածութեան յանձնուած հօտին աննահանջ ու նուիրեալ ծառայութիւն մատուցել իր հոգեւորական թէ աշխարհական սպասաւորներով:

Աւելի քան 50 տարի առաջ, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայական գործին սկսումը արդիւնք էր ամերիկահայութեան կողմէ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցած պաշտօնական խնդրանքին. յիշեալ տարիներուն, ստեղծուած էր այնպիսի կացութիւն, որուն մէջ, շրջանի հայութիւնը կը կարօտէր հոգեւոր ու ազգային հոգածութեան, խնամքի, մատակարարութեան։ Կարեւոր գործօն էր նաեւ հայութեան կեանքին վրայ Խորհրդային Միութեան հակակրօն ու ապազգայնացնող ազդեցութիւնը։

Տարիներ ետք, Հիւսիսային Ամերիկայի հայ գաղութի աճին ու ապրած զարգացումներուն իբրեւ արդիւնք, անհրաժեշտ դարձաւ նախ՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, ապա նաեւ Քանատայի մէջ առանձին թեմերու հաստատումը։

Արեւմտեան մեր Թեմը, որպէս ինքնուրոյն կառոյց, սկիզբ առաւ  1973ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի օրով, իբրեւ ուղղակի արդիւնք արեւմտեան այս ափերուն հայութեան թիւի արագ աճին եւ անկէ բխող հոգեւոր սնունդի պահանջին ու վարչական աշխատանքներու զարգացման։

Արեւմտեան Թեմի հաստատումին իբրեւ արդիւնք, մինչ այդ տասնամեակներու կեանք ունեցող մեր եկեղեցիներուն կողքին հիմնադրուեցան նոր եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ ազգային ամէնօրեայ վարժարաններ ու մանկամսուրներ։ Ազգային Առաջնորդարանը դարձաւ այս աշխատանքները վերահսկող ու վարող հաստատութիւն, միաժամանակ հասնելով Քալիֆորնիոյ մօտակայ արեւմտեան նահանգներու՝ Նեւատայի, Օրեկընի, Եութայի եւ Քոլորատոյի հայութեան կարիքներուն։

Ազգային Առաջնորդարանի առաջին գրասենեակը հաստատուած է Հոլիվուտի մէջ, Santa Monica եւ Hobart փողոցներուն շրջանի շէնքի մը մէջ։ Ապա 1977 թուականին, գնուած է Հոլիվուտի Commonwealth եւ Russell փողոցներու խաչմերուկին գտնուող բնակարանը եւ վերածուած՝ Ազգային Առաջնորդարանի։

Ազգ. Առաջնորդարանը այդ գրասենեակներուն մէջ գործեց աւելի քան 25 տարի։ Հետզհետէ աճող թեմական աշխատանքները, իրագործուող ծրագիրները, ժողովական կեանքի աշխուժացումը ստեղծեցին պահանջը աւելի ընդարձակ ու յարմարաւէտ Ազգային Առաջնորդարանի մը, որ այսօր արդէն իրականութիւն դարձած է։ Առաջնորդարանը այժմ կը գտնուի Լա Քրեսենթա քաղաքին մէջ (6252 Honolulu Ave.)։

Արեւմտեան մեր Թեմը ունեցած է հետեւեալ առաջնորդները.-

Բարձր. Տ. Սմբատ Արք. Լափաճեան (1973-1977):
Բարձր. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան (1977-1985):
Բարձր. Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեան (1985-1995):
Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան (1995-2020):
Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան կը պաշտօնավարէ 2020-էն ի վեր։

Արեւմտեան Թեմին մէջ կը գործեն ծխական 13 շրջաններ, իսկ Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ կը գործեն երեք երկրորդական, երեք միջնակարգ եւ եօթը մանկամսուր վարժարաններ:

 

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022