Խաչվերացի Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ

Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2019-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ մեր հինգ տաղաւարներէն Խաչվերացի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան օրն է Մոնթեպելլոյի Ս.
buy Synthroid generic https://buyinfoblo.com over the counter

Խաչ Մայր Տաճարին։

Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ ռեհանի օրհնութիւն, ապա մատաղի օրհնութիւն եկեղեցւոյ կից «Բաղրամեան» մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ հաւաքական սիրոյ ճաշ, կազմակերպութեամբ տաճարի Տիկնանց Միութեան։

Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի պատարագէ, ռեհանի օրհնութիւն կատարէ եւ քարոզէ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պարարագի աւարտին, եկեղեցւոյ կից «Գուճաքեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ սիրոյ ճաշ։

ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ

Խաչվերացի տօնը նաեւ մեր եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտի օրն է։ Կիրակնօրեայի տեսուչներ, ուսուցիչներ ու աշակերտներ իրենց շրջանի եկեղեցիներուն մէջ ներկայ պիտի ըլլան Ս. Պատարագի ու Ս. Հաղորդութիւն պիտի ստանան, նոր տարեշրջանը աղօթքով սկսելու համար։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022