Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղի Օրհնութիւն Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծման 55-ամեակին Առիթով

Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցին Կիրակի, 4 Նոյեմբեր 2018-ին, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով եւ մատաղօրհնէքով նշեց իր անուանակոչութեան տօնն ու օծման 55-րդ տարեդարձը։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց, իր պատգամը փոխանցեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան եւ սարկաւագները։ Հաւատացեալներու, երեսփոխաններու, հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան անդամներու կողքին ներկայ էին նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներ ու շրջանի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ։

Իր պատգամի սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորանքի արտայայտութեամբ ողջունեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, ժողովականութիւնն ու հաւատացեալները, աղօթք բարձրացնելով, որ Աստուած անշարժ եւ հաստատուն պահէ Իր եկեղեցին եւ Իր անունին երկրպագողներուն պարգեւէ խաղաղութիւն, հաւատարմութիւն եւ հաւատքի տոկունութիւն։

Նկատի ունենալով, որ օր մը առաջ, մեր եկեղեցին նշած էր Ամենայն Սրբոց տօնը, նոյն օրը Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ անունակոչութեան տօնն է, Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը կեդրոնացած էր այս արժէքներուն վրայ։ Ան իբրեւ բնաբան ընտրած էր Ղուկասու աւետարանի 12-րդ գլուխի 17էն 21-րդ համարները, ուր կ’ըսուի. մայրս ու եղբայրներս անոնք են, որ կը լսեն Աստուծոյ խօսքը եւ կը գործադրեն զայն։ Սա հրաւէր մըն է բոլոր հաւատացեալներուն, որ Աստուծոյ անունը դաւանին եւ վկայեն, ինչպէս ըրած են հին ու նոր, ծանօթ եւ անծանօթ սուրբերը, որոնց տօնն էր երէկ։ Ան յիշեցուց, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, մեր եկեղեցին սրբադասեց 1915-ի նահատակները, որոնք եւս, այսօր մաս կը կազմեն մատնանշուած սուրբերուն։ Անոնք եղան հետեւորդները Քրիստոսի ուղիին ու իրենց կեանքով վկայեցին զայն, հաստատ մնացին իրենց հաւատքին մէջ եւ այժմ կը հանգչին Աստուծոյ ներկայութեան։

Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ քրիստոնէութեան առաջին դարերուն, Քրիստոսի հետեւորդներն ու անոր անունով վկայողները հալածանքի ու բազմաթիւ ձեւերով նահատակութեան կը մատնուէին։ Քրիստոնեային կեանքը անվախճան ուխտաւորութիւն մըն է, նպատակ ունենալով նմանիլ Քրիստոսի եւ ապրիլ Աստուծոյ պատկերին համաձայն։ Մեր պատմութեան մէջ իբրեւ օրինակ ունինք բազմաթիւ սուրբեր ու նահատակներ, որոնց կեանքն ու վկայութիւնը պէտք է ուղեցոյց ըլլան մեզի. աղօթքով պէտք է ապաւինինք անոնց բարեխօսութեան, որպէսզի երբ գտնուինք դժուարութեան ու մարտահրաւէրներու դիմաց, անշեղօրէն շարունակենք մեր հաւատքի ճանապարհորդութիւնը։ Այս օրերուն, երբ բազմացած են կեղծ պաշտամունքներ, անձնակեդրոն ու եսասէր ընթացքը դարձած են տիրական, բարիքն ու ազնուութիւնը նահանջի մատնուած են, աւելի՛ յանձնառու մօտեցումով պէտք է հետեւինք մեր սուրբերու ու նահատակներու օրինակին, ու նոր սերունդներն ալ տոգորենք անոնց ոգիով, զանոնք հարստացնենք ճշմարիտ արժէքներով ու սկզբունքներով։

«Ամէն բանէ առաջ ու աւելի, այսօր ժամանակն է վերանորոգելու եւ խոստովանելու մեր հաւատքը։ Մեր վկաները՝ նահատակներն ու սուրբերը մեզ կը հրաւիրեն հաւատարիմ մնալու իրենց աւանդին, ամրացնելու մեր հաւատքը եւ գործադրելու Աստուծոյ խօսքը, հետեւելու Քրիստոսի օրինակին եւ մեր սիրտերն ու հոգիները բանալու Աստուծոյ առջեւ, որպէսզի Ան բնակի մեր մէջ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ եզրափակեց՝ հրաւիրելով հոգեւորականներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը իրենց կեանքը կերտելու անշեղ հաւատքով, գօտեպնդուած սուրբ նահատակներուն կամքով, հաւատքով, ու բարեսրտութեամբ իրականացնելու Աստուծոյ պատուիրանները։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ եւ մատաղի օրհնութիւն. յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ եկեղեցւոյ հանգուցեալ հիմնադիրներուն, հովիւներուն եւ ժողովականութեան ճամբով ծառայողներուն հոգիներու խաղաղութեան համար։ Հաւատացեալները մատաղէն բաժին առնելով՝ հաղորդակից դարձան օրուան խորհուրդին։

Արարողութեան աւարտին, «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական սիրոյ ճաշ, ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներու։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022