Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Երեքշաբթի, 14 Յունուար 2020-ին նշեց Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ ու Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ։

Նոյն առիթով, Կիրակի, 19 Յունուարին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, պիտի ուղղէ իր պատգամն ու կատարէ մատաղի օրհնութիւն։

Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան կազմակերպած աւանդական ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ «Կարապետեան» սրահին մէջ։

Բարի աւանդութեան համաձայն, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին, հոգեւոր հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը ամէն տարի ազգային մը կը պատուեն։ Այս տարուան մեծարեալն է Ս. Խորանի սպասարկու եւ գաղութի գործօն անդամ՝ Տիար Արթիւր Արթէնեան, որուն Առաջնորդ Սրբազանը պիտի շնորհէ օրհնութեան ու գնահատանքի գիր մը։

Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։

Նշենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը յաջորդ շաբաթավերջին պիտի նախագահէ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022