Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ


Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հոգենորոգ եւ բերկրառատ տօնին առիթով, Ուրբաթ, 6 Յունուար 2017-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։

Պատարագիչ Սրբազանը «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ Ս. Խորան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանն ու Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանը։ Խուռներամ հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին Թեմիս Ազգային Վարչութեան անդամներ, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Տիար Ռազմիկ Ստեփանեան, եկեղեցւոյ ծառայող մարմիններու եւ շրջանի քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ։

Նախքան իր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց հայրենի պետութեան աւագանին, մեր զոյգ Հայրապետները, Թեմիս պատկան մարմիններն ու նուիրեալները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, ապա, վեր առաւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան խորհուրդը եւ շարականագիրին բառերը մէջբերելով ըսաւ. «Երկինքի եւ երկրի անհունութեան մէջ անբաւելին Աստուած, մարդ արարածին հանդէպ ունեցած սիրոյն համար խանձարուրի մէջ պատեցաւ, որպէսզի վերանորոգէ մարդոց հոգիները եւ հաշտեցնէ երկինքն ու երկիրը։ Քրիստոսի ծնունդը համայն մարդկութեան վերածնունդի եւ վերանորոգման խորհրդանիշն է»։ Ան նշեց, որ Քրիստոսի աշխարհ առաքելութիւնը մարդկութեան տրուած մեծագոյն հրաշքն ու պարգեւն է եւ ինքնին թելադրանք համեստութեան, հեզութեան, հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ։

Այնուհետեւ, անդրադառնալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Վերանորոգման Տարի» հռչակման, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց որ Ս. Ծննդեան տօնը լաւագոյն առիթն է վերանորոգութեան։ «Վերանորոգութիւնը պէտք է սկսինք սեփական ներաշխարհէն, առաջին հերթին ուխտենք հաւատարմութեամբ ընթանալ մեր նախահայրերու հաւատքի ճանապարհով, երկրորդ՝ Խաղաղութեան Արքային զինուորները դառնանք պայքարելով խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր եւ երրորդ՝ համերաշխութեամբ եւ հաճութեամբ ապրինք եկեղեցական եւ ազգային կեանքէն ներս եւ մեր ընտանեկան օճախներուն մէջ», յորդորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Ան նաեւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած ի խնդիր աշխարհի, Հայաստանի եւ Սուրիոյ խաղաղութեան, մանաւանդ, որ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այս օրերուն Հալէպ կը գտնուի եւ իր ներկայութեամբ կը գօտեպնդէ ու կը դարմանէ մեր հարազատներուն վէրքերը։

Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն, իբրեւ խորհրդանիշ Քրիստոսի մկրտութեան։ Խաչի կնքահայրն էր ծխական համայնքի զաւակներէն՝ Արման Սէթաղայեան։

«Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի» շարականին երգեցողութեամբ հաւատացեալները օրհնուած ջուր ստացան եւ Ս. Ծննդեան օրհնութիւնները տարին իրենց օճախները։

ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի վաղորդայնին, Շաբաթ, 7 Յունուարին, ննջեցելոց յիշատակի արարողութիւններ տեղի ունեցան Հոլիվուտ Հիլզի եւ Կլենտէյլի գերեզմանատուներուն մէջ, ի յիշատակ մեզմէ յաւէտ բաժնուած սիրելիներուն եւ հարազատներուն։ Նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ընկերակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն, Անդաստանի արարողութիւն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցան «Hall of Liberty» սրահին եւ «Church of the Recessional» մատրան մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022