Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Ջրօրհնէք Էնսինոյի Ս. Նահատակած Եկեղեցւոյ Մէջ

Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը Կիրակի, 6 Յունուարին, հանդիսաւոր Ս. Պատարագով ու ջրօրհնէքի արարողութեամբ նշուեցաւ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պատարագեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, տօնին խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը ուղղեց հաւատացեալներուն ու կատարեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող՝ ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան եւ սարկաւագները։ Բազմահարիւր հաւատացեալներ ներկայ եղան արարողութեանց։ Անոնց շարքին էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Րաֆֆի Գույումճեան, ծխական համայնքի ժողովականութեան անդամներ, միութենական ներկայացուցիչներ ու բարերարներ։

Իր պատգամին սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը նախ շնորհաւորութեան խօսք ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, մաղթելով արեւշատութիւն եւ երկար տարիներու գահակալութիւն, ապա աղօթք բարձրացուց, որ Աստուած առաջնորդէ Հայաստանի եւ Արցախի պետական պատասխանատուները, երբ մեր հայրենիքը կը թեւակոխէ բարեշրջում խոստացող փուլ մը, մաղթելով, որ այս ուղին հասցնէ խաղաղութեան ու սիրոյ, համերաշխութիւն տարածէ բոլորին մէջ, ի խնդիր հզօր ու բարգաւաճ հայրենիքի մը։ Ան ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ մեր Թեմի հոգեւորականաց դասուն, Ազգային Վարչութեան, ծխական շրջանի մեծ ընտանիքին եւ կազմակերպութեանց ու հաւատացեալներուն, մաղթելով պայծառ ու բարեբեր տարի մը։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնի խորհուրդներուն, նշելով, որ Աստուածորդւոյն ծնունդը մարդուն հանդէպ Աստուծոյ հաւատարմութեան հարազատ արտայայտութիւնն էր. Աստուած Իր Միածինը աշխարհ ղրկեց, որպէսզի փրկէ մարդկութիւնը։ Լուռ ու սուրբ գիշերին, բարի հովիւներն ու այնուհետեւ իմաստուն մոգերը Բեթղեհէմ գացին, անձնապէս վկաները ըլլալու աստուածայայտնութեան հրաշալի դէպքին, որ հրեշտակներուն ու փայլուն աստղին միջոցով յայտնուած էր իրենց, փառաբանեցին զԱստուած ու երկրպագեցին նորածին Արքային։

«Պատմութեան մէջ, Յիսուս միայն մէկ անգամ ծնաւ, սակայն միշտ կը վերածնի, պէտք է վերածնի մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, պայմանաւ, որ մենք խորապէս ըմբռնենք անոր յայտնութեան խորհուրդը ու հետեւինք իր ուղիին։ Աստուած ինքզինք մեզի կը յայտնէ ու մեր կեանքը կը լուսաւորէ ո՛չ միայն այսօր, երբ կը տօնենք Ս. Ծննդեան տօնը, այլ ամէն օր, երբ մեր հոգիներուն ու ներաշխարհին մէջ մսուրին խաղաղութիւնն ու սուրբ մթնոլորտը կը տիրէ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, մաղթելով, որ Աստուած լուսաւորէ մեր ներաշխարհը, պարգեւէ մսուրին խաղաղութիւնը, որուն կ’արժանանանք՝ երբ ընդունինք Աստուծոյ ուժն ու հեղինակութիւնը իբրեւ վահան եւ զրահ։ Ան աւելցուց, որ հոն՝ ուր Նորածին Արքան կը գտնուի, Աստուծոյ կամքին դէմ եղող երեւոյթներ կը խորտակուին, խաղաղութիւն ու ուրախութիւն կը տիրեն մեր ներաշխարհին, ապա՝ մաղթեց, որ Քրիստոսի լոյսը պայծառացնէ մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերը, մասնաւորաբար մեր հայրենիքին մէջ, ուր անոր ղեկավարները ծառայեն՝ սէրը իբրեւ օրէնք ունենալով, խաղաղութիւնը՝ իբրեւ պատգամ, եւ ժողովուրդի բարօրութիւնը՝ իբրեւ Աստուծոյ կամք, որպէսզի Տէրը բնակի մեր մէջ, իբրեւ առաջնորդող լոյս ու արդարութեան արեւը մեր կեանքին։

Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց Ջրօրհնէք։ Խաչի կնքահայրն էր պատանի Րաֆֆի Սարեան։ Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց կարճ պատգամ մը, յիշեցնելով, որ Յիսուս Յորդանան գետ ուղղուեցաւ մկրտութիւն ստանալու՝ իբրեւ մեկնակէտ իր երկրաւոր առաքելութեան, եւ սկիզբը խաչի ճանապարհին, ինչպէս նաեւ պատրաստ ըլլալու իր արիւնը զոհաբերելու մեր մեղքերու քաւութեան համար։ «Երբ խաչը ջուրին մէջ զետեղեցինք, աղօթք բարձրացուցինք, որպէսզի մեր մեղքերը թաղուին, որպէսզի մենք ալ արդարութեան ճանապարհը ընդունինք եւ վերանորոգենք մեր հաւատարմութիւնը իր սիրոյն ու պատուիրաններուն։ Ու երբ խմենք օրհնուած ջուրէն՝ թող մեր ցաւերն ու հոգիները դարմանուին», մաղթեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ օրհնեց խաչի կնքահայրն ու անոր ընտանիքը, նաեւ բոլոր հաւատացեալներն ու մասնաւորաբար երիտասարդները, աղօթելով, որ խաչի զօրութիւնը ըլլայ զիրենք պահպանողը, եւ բոլորը աճին Աստուծոյ շնորհքներով։

ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ

Երկուշաբթի, 7 Յունուարին, Մեռելոցին, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հոլիվուտ Հիլզի «Forest Lawn» գերեզմանատան «Hall of Liberty» սրահին եւ Կլենտէյլի «Forest Lawn» գերեզմանատան «Church of the Recessional» եկեղեցւոյ մէջ։ Ապա, կատարուեցաւ «Անդաստանի» արարողութիւնը, որուն ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022