Տեառնընդառաջի Առիթով՝ Հանդիսաւոր Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ

Կիրակի, 14 Փետրուար 2021ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Տեառնընդառաջի առիթով իր առաջնորդական առաջին Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատոյց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ եւ իր պատգամը սկսաւ հետեւեալ բառերով. «Փառք եւ գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ իմաստութիւնը տուաւ մեզի, որպէսզի այսօր բոլորս մեր քայլերը առաջնորդենք դէպի Իր սուրբ տաճարը եւ միասնաբար կանգնինք Իր օրհնեալ ներկայութեան առջեւ»:

Խօսելով Աստուծոյ եւ աշխարհի բաժիններու մասին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ «մենք ընդհանրապէս ճիշդ՝ երբեմն ալ սխալ կերպով աշխարհի բաժինը կու տանք աշխարհին, իսկ երբ կարգը կը հասնի Աստուծոյ բաժինը տալու, կ՛ըլլանք ժլատ»՝ նկատել տալով, որ մարդիկ իրենց աշխարհիկ, մարմնական, անցողիկ հաճոյքներուն աւելի առատօրէն կու տան իրենք զիրենք եւ իրենց ունեցածը՝ «իրաւունքս է, ես ալ մարդ եմ», ըսելով, բայց երբ ժամանակը գայ, որ մարդ իր ինքնութենէն, իր ունեցածէն եւ իր ժամերէն բաժին հանէ Աստուծոյ, կը դժուարանայ նոյն վերաբերումը ցոյց տալու· ապա Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց, որ Աստուծոյ բաժինը մարդ միայն իր հոգիէն ու սրտէն կրնայ տալ, այսինքն՝ առաքինի կեանք վարել, բարիք գործել եւ իր նմանը ուրախացնել՝ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած շնորհներէն բաժին հանելով իր եղբօր, հարազատին եւ կամ կարիքաւորին, որբին ու անտէրին, «միայն այն ատեն է, որ պատրաստ պիտի ըլլանք տեսնելու աստուածային այն լոյսը, որ այսօր կը ճառագայթէ Ս. Խաչ Մայր տաճարի այս օրհնեալ խորանէն եւ կու գայ լեցնելու մեր հոգին աննիւթական շնորհներով», աւելցուց պատգամաբեր Սրբազան Հայրը:

«Երբեմն խաւարը, մեղքը, մոլութիւնը տեղ կը գտնեն մեր կեանքին մէջ եւ մենք այնքան կը վարժուինք անոնց, որ կը կարծենք, թէ անոնք են լոյսը: Բայց երբ հաւատքով զօրանանք եւ պատրատ ըլլանք դէմ դիմաց կանգնելու Աստուծոյ հետ, այն ատեն կը նկատենք, թէ մինչ այդ խաւարի մէջ ապրեր ենք, որովհետեւ լոյսը բարիի՛ն ներկայութիւնն է մեր կեանքին մէջ: Հոգիին մէջ լոյս ունեցողը կրնայ խաւարը, մեղքն ու մոլութիւնը հեռացնել իրմէ, պարզապէս ըսելով՝ «ես ձեզի չեմ պատկանիր, ես Աստուծոյ կը պատկանիմ», նշեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ թելադրեց ըլլալ լոյս ու բարութիւն կրողներ, որոնք աստղերու պէս պիտի փայլին իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան՝ իրենց լոյսը ստանալով «Արեւ Յիսուս»էն, որուն հաւատալով ու տրուելով է, որ մարդ արարածը պիտի յաջողի յաղթահարել այս աշխարհի բոլոր դժուարութիւնները եւ գոհունակ ու խաղաղ սրտով ապրիլ իր օրերը, այլեւ Յիսուսի՛ զօրութեամբ յաղթել չարին ու տեսակ-տեսակ փորձութիւններու, միշտ յիշելով Տիրոջ խօսքը, թէ՝ «մի՛ վախնար, ես յաղթեցի աշխարհին»:

Քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման Տեառնընդառաջի տօնը պարզաբանելով՝ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Աստուած Ս. Կոյս Մարիամի ճամբով իր Միածինը ղրկեց աշխարհ, ապա, նմանողութեամբ Մարիամի եւ Յովսէփի՝ «մեր ծնողները Աստուծոյ եւ մեր միջեւ կեցած միջնորդներ են, որոնց պարտականութիւնն է զԱստուած ճանչցնել իրենց զաւակներուն, «ճիշդ դաստիա-րակութիւն տալ եւ սորվեցնել, որ ամէնէն ուժեղը, ամէնէն գեղեցիկը, ամէնէ՛ն ամէնէնը Աստուած Ինք է», շեշտեց ան եւ իր խօսքը եզրափակեց ողջունելով Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանը, «որ անցնող շուրջ 30 տարիներու ընթացքին իր աշխատասիրութեամբ, իր գործերով, իր ինքնընծայումով՝ եզակի տեղ ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի՝ յատկապէս Քրիստոնէական դաստիարակութեան նուիրական գործին մէջ»: Սրբազան Հայրը յաջորդաբար ողջունեց նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեանը, Հոգաբարձութիւնը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեանը, Ազգային վարչութեան փոխ-ատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը, ազգային երեսփոխանները, Ս. Խաչ Մայր տաճարի հովանիին տակ գործող մարմինները, Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը, պաշտօնէութիւնն ու շրջանակը, եկեղեցւոյ դպիրներն ու սարկաւագները, ինչպէս նաեւ համայնքի բոլոր բարերարներն ու նուիրեալները եւ բարձր գնահատեց բոլորին աջակցութիւնը յանուն եկեղեցւոյ պայծառացման՝ մաղթելով, որ մարդոց մէջ շատնայ աստուածային սէրը, իսկ աշխարհի վրայ՝ բարութիւնը: Ս. Պատարագի աւարտին ներկաները առաջնորդուեցան «Բաղրամեան» սրահ եւ իրենց շնորհաւորանքները փոխանցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր:

Յայտնենք, որ Շաբաթ, 13 Փետրուարին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց Տեառնընդառաջի նախատօնակին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան մասնակցեցան Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր հայրերը, սարկաւագներ ու դպիրներ, հաւատքի հզօրացման եւ երկնային օրհնութիւն ստանալու աղօթական ջերմեռանդութեամբ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022