Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 24 Յունիս 2018-ին, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Ս. Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Եպիսկոպոսական օծման ու ձեռնադրութեան արժանանալէն ի վեր, Առաջնորդական փոխանորդ Սրբազանը հերթաբար կ’այցելէ մեր Թեմի եկեղեցիները։

Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան եւ սարկաւագներ։ Ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ անդամներ, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ու եկեղեցւոյ հոգարարձութեան անդամներ, շրջանի միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։

Քարոզէն առաջ խօսք առնելով՝ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկայ հոգեւորականներն ու ներկայացուցչական դէմքերը, հաւատացեալներուն յիշեցուց, որ Թորգոմ Սրբազանը 15 Ապրիլին արժանացած էր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան, այնուհետեւ, այսօր առաջին անգամ կը պատարագէ այս եկեղեցւոյ մէջ ու յաջողութիւն մաղթեց մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայական իր առաքելութեան մէջ, ապա հրաւիրեց զայն փոխանցելու իր քարոզը։

Պատարագիչ Սրբազանը առաջին հերթին ողջոյնի խօսքեր ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանին, ժողովականութեան ներկայ անդամներուն ու եկեղեցւոյ ընտանիքին, ապա, իբրեւ բնաբան ընտրելով Փիլիպեցիներուն ուղղուած Պօղոս Առաքեալի նամակին 3-րդ գլուխի 10-րդ համարը՝ «Հիմա միակ փափաքս է Յիսուսը ճանչնալ», լուսարձակի տակ առաւ Քրիստոսի 13-րդ առաքեալին կեանքին մէջ տեղի ունեցած բարեշրջումը, երբ ան քրիստոնեաները հալածողի վիճակէն անցաւ Քրիստոսի պատգամները տարածողի ու հեթանոսները դարձի բերողի, որ թէեւ կը ճանչնար Յիսուսը, սակայն նախանձախնդիր էր զայն լիովին ճանչնալու։ Քարոզիչ Սրբազանը խօսեցաւ Քրիստոսի աշխարհ առաքելութեան գլխաւոր նպատակներուն ու ծառայութեան դաշտերուն մասին, ապա հաւատացեալները հրաւիրեց լաւապէս ճանչնալու մեր Տէրը, որուն համար ցոյց տուաւ երեք միջոց՝ Աստուածաշունչի ընթերցում, աղօթել եւ Քրիստոսը ապրեցնել իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ։ Ան յիշեց նաեւ, որ օր մը առաջ, մեր եկեղեցին նշեց Ս. Տրդատ թագաւորի եւ Ս. Աշխէն թագուհիի տօնը, ընդգծելով, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին հետ, անոնք Քրիստոսի ճանաչողութիւնը բերին Հայաստանին ու այնուհետեւ, հայը ապրեցաւ իբրեւ քրիստոնեայ ու հաւատարմութեամբ կը շարունակէ իր երթը։

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Ս. Պատարագէն ետք, «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն մը, հիւրընկալութեամբ Տէր եւ Տիկին Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեան ամոլին եւ Լուսարփի ու Նոէմի Շահինեան քոյրերուն։ Ներկաներու շարքին էին Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, «Ռոստոմ» եւ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէներու, Ազգ. Վարչութեան, եկեղեցւոյ ընտանիքի, ՀՕՄ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի, Հ.Ե.Դ. «Սարդարապատ» ուխտի, եւ Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան անդամներ, բարերարներ ու բարեկամներ։

Յանուն Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ողջոյնի խօսք արտասանեց Հոգեւոր Հովիւը։ Ան ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանը, Առաջնորդական փոխանորդը, Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանը, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներն ու անդամները, շնորհաւորեց Առաջնորդական փոխանորդը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր առաքելութեան։ Ան նշեց, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, 22 Յունիսը նաեւ Առաջնորդ Սրբազանին եպիսկոպոս ձեռնադրութեան ու օծման 21-րդ տարեդարձն է, հետեւաբար՝ շնորհաւորեց նաեւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր։

Հ.Ե.Դ.ի անունով սրտի խօսք արտասանեց Արեւ Յովսէփեան։ Ան հակիրճ ակնարկով մը անդրադարձաւ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի հայութեան պատմականին, վեր առաւ Ս.
buy lasix online https://gaetzpharmacy.com/lasix.html no prescription

Նահատակաց եկեղեցւոյ ու յարակից միութեանց կարեւոր դերը հայապահպանութեան գործին մէջ եւ նշեց, որ Հ.Ե.Դ. եւս իր առաքելութեան մեկնակէտը ընտրած է հայապահպանութիւնն ու հայակերտումը, ապա, շնորհաւորեց Առաջնորդական փոխանորդն ու ուժ եւ կորով մաղթեց անոր։

Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէի անունով՝ Տիար Հրայր Նահապետեան արտասանեց սրտի խօսք։ Ան ողջունեց ներկաները, շնորհաւորեց Թորգոմ Սրբազանի եպիսկոպոսական օծումն ու ձեռնադրութիւնը եւ նշեց, որ այս տարի կը զուգադիպի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 55-ամեակին։

Ազգ. Վարչութեան անունով՝ Տիար Րաֆֆի Գույումճեան արտասանեց սրտի խօսք մը։ Ան շնորհաւորեց Առաջնորդական փոխանորդը եւ ուժ, կորով ու բեղուն ծառայութիւն մաղթեց անոր։

Թորգոմ Սրբազանը շնորհակալութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց այս սիրոյ սեղանին համար, եւ նշեց, որ Հայ Եկեղեցին, Հայ Դպրոցը, հայկական ակումբերն ու կառոյցները գեղեցիկ ու անքակտելի խճանկար մը կը ներկայացնեն հայակերտման, հայապահպանութեան, հայ մշակոյթի տարածման ու զարգացման գործին մէջ, լծակից են իրարու եւ զիրար կ’ամբողջացնեն, ուստի պէտք է խնամել զիրար, վասն հաւաքական բարգաւաճման ու յաղթանակի։

Առաջնորդ Սրբազանը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շնորհաւորեց Առաջնորդական փոխանորդը իր առաքելութեան մէջ, շնորհաւորեց Եփրեմ Սրբազանին կուսակրօն քահանայութեան 55-րդ տարեդարձն ու եպիսկոպոսութեան 38-րդ տարեդարձը եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, ազգային երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեան, տիկնանց միութեան, Ս. Սեղանի սպասարկողներուն, ու շրջանի միութեանց ու կազմակերպութեանց ծառայութեան մասին։ Ան գնահատեց օրուան հիւրընկալները՝ Թիթիզեան եւ Շահինեան ընտանիքները, մաղթելով առողջ ու երկար տարիներ։ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը աւարտեց յորդորելով, որ իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներ՝ մեր առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը շարունակենք Աստուծոյ մտերմութեամբ, սիրով, անկեղծութեամբ, գործով ու կեանքով։

Նշենք, որ հոգաբարձութիւնը յուշանուէր մը յանձնեց Թորգոմ Սրբազանին։

Ընդունելութիւնը վերջ գտաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022