Ղեւոնդեանց Եւ Վարդանանց Տօնախմբութիւն Արեւմտեան Թեմէն Ներս

Չորեքշաբթի, 10 Փետրուար 2021ի երեկոյեան ժամը 6ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Սրբոց Վարդանանց զոյգ տօներու նուիրուած հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին մէջ: Ս. Պատարագը մատոյց Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան եւ Ս. Խորանին սպասարկեցին թեմի հոգեւորականները:

Այս առիթով իր արտասանած պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը կարեւորութեամբ վեր առաւ ժամանակակից հնչեղութիւն ունեցող զոյգ տօներուն խորհուրդը, հետեւեալ բացատրութեամբ.

Ա.- Սրբոց Ղեւոնդեանց: Տօն, որ կը հաստատէ, թէ hայ hոգեւորականը Աստուծոյ ներկայացուցիչն է երկրի վրայ եւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, տօն, որ յատուկ տեղ մը կը գրաւէ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ՝ իբրեւ հայ հոգեւորականի հաւատքի նորոգութեան եւ ծառայական կեանքի վերածաղկման նշանակալի առիթ: «Հայ հոգեւորականները Տիրոջ ներկայացուցիչներն են հայ կեանքէն ներս, եւ ինչպէս Արամ Վեհափառը կ՛ըսէ՝ հայ հոգեւորականը Աստուծոյ դեսպանն է: Մենք՝ որպէս հոգեւորականներ, մեր պարտականութիւնն է հոգեւոր ու ոգեղէն սնունդ մատակարարել մեր ժողովրդեան, ըլլալ ժողովուրդին մէջ, ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար. առաքելութիւն մը, որ մեզի աւանդուած է տակաւին Ղեւոնդեանց քահանաներու օրերէն», նշեց Սրբազան Հայրը, ապա իր խօսքը ուղղելով Արեւմտեան Թեմի հոգեւորական դասուն՝ ըսաւ. «Թանկագին եղբայրներ, մեզմէ իւրաքանչիւրը հրաւիրուած է պտղալի ձիթենի դառնալու իր ժողովուրդին կեանքին մէջ, մենք այս գիտակցութեամբ է, որ ստացանք Քահանայութեան կարգը եւ կոչումը, եւ ինչպէս որ ձիթենին տարուան բոլոր օրերուն մէջ միշտ կանաչ է եւ իր պտուղը կու տայ, այդպէս ալ մենք, ցուրտ ձմրան թէ կիզիչ ամրան, հրաւիրուած ենք մեր ազգի զաւակներուն համար կանաչ ծառայութիւն բերելու եւ անոնց բաշխելու մեր էութեան ամէնէն հիւթեղ պտուղները»:

Բ.- Սրբոց Վարդանանց: Տօն, որ հաւատքի ու ազգային ինքնութեան տօնախմբութեան վերածուած է դարերու ընթացքին, տօն, որով 451 թուականի Վարդանանց պատերազմը կը համարուի մեր հայրենիքին ու ազգին գոյութենական մաքառումներուն ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը, տօն, որուն ընդմէջէն կը հաղորդուինք պատմական այն «ոչ»ին, որ մեր ժողովուրդը իբրեւ մէկ բազուկ եւ մէկ բռունցք շպրտեց Յազկերտ Բ.ի երեսին ու նահատակութեան գնով աներեր մնաց քրիստոնէական իր նորածաղկ հաւատքին մէջ, այլեւ ընտրեց հայօրէ՛ն ապրիլ, այլ ոչ օտար ազգերու մէջ ձուլուիլ, աւելի՛ն, մեր ժողովուրդը Քրիստոսի խաչը կրելը նախապատիւ համարեց ուրիշ բոլոր կրօններէ: Վարդանանքը դիտելով 1570 տարուան հեռաւորութենէն եւ զայն իբրեւ հոգեւոր ու ազգային աւանդ տեղադրելով մեր ներկայ օրերուն մէջ՝ Սրբազան Հայրը յիշեցուց, որ «այսօր մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ առաջնային տեղ կը գրաւէ միասնականութեան ոգիի ստեղծումը յանուն Հայաստանի. իշխանութիւններ կու գան ու կ՛երթան, մարդեր կու գան ու կ՛երթան, բայց մնայունը Հայաստան աշխարհն է, մեր սրբազան հայրենիքն է եւ Հայոց Եկեղեցին»:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ հոգեւորական հայրերու, թեմէս ներս գործող նուիրեալ եւ շնորհալի երիտասարդներ Պերճ Քիրազեան, Երուանդ Քէշիշեան, Սուրէն Հազարեան եւ Յովհաննէս Պալեան կատարեցին եկեղեցական, հոգեւոր եւ ազգային երգեր՝ պահը վերածելով հոգեշաղախ եւ տպաւորիչ տօնախմբութեան մը, որ՝ իբրեւ քաղցրամրմուռ ծիածան, Լոս Անճելըսէն ձգուեցաւ մինչեւ Հայաստան-Արցախ:

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022