Վերացման Ս. Խաչի եւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Անուանակոչութեան Տօնախմբութիւն

Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2020-ին, Խաչվերացի տօնին առթիւ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներէն ներս Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, ինչպէս նաեւ անդաստանի եւ ռեհանի օրհնութեան արարողութիւնները կատարուեցան։ Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Խաչի անունը կրող Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց, օրուան պատգամը փոխանցեց եւ ռեհանի ու մատաղի օրհնութիւնը կատարեց։ Արարողութեան մասնակից եցաւ հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, իսկ Ս. Սեղանին սպասարկեց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պատարագեց, քարոզեց եւ ռեհանի օրհնութիւն կատարեց Սան ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Նախքան իր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական օրհնութիւններն ու ողջոյնները փոխանցեց, նշելով թէ Սեպտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթներուն Վեհափառ Հայրապետը առցանց ժողովներ գումարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող բոլոր Թեմակալ Առաջնորդներուն եւ Ազգ. Վարչութեանց ատենապետներուն հետ՝ քննարկելով «Քորոնա» ժահրի համաճարակի ընթացքին մեր եկեղեցիներու եւ դպրոցներու դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ աղէտեալ պայթումէն ետք Լիբանանահայութեան համար կատարուած դրամահաւաքի գործընթացը։ Ան նաեւ յաւելեց, որ Նորին Սրբութիւնը բարձրօրէն գնահատեց մեր Թեմին տարած բոլոր աշխատանքները եւ իր հայրապետական օրհնութիւնները փոխանցեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

Առաջնորդ Սրբազանը իր հոգեւոր պատգամին սկզբնաւորութեան ընդգծեց, որ այսօր Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան տօնն է եւ Ս. Պատարագի ընթացքին աղօթք բարձրացուց մեր ծխական շրջանի բոլոր նուիրեալներու քաջառողջութեան եւ անփորձութեան համար, հոգեւորական ու աշխարհական անդամներու հաւատքի եւ կեանքի տոկունութեան համար, ինչպէս նաեւ ննջեցեալ հիմնադիրներու եւ նուիրեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար, որոնք անսակարկօրէն ծառայած ու հաւատացած են խաչի զօրութեան։

Այնուհետեւ, պատարագիչ Սրբազանը կանգ առաւ օրուան տօնին խորհուրդին վրայ, յիշեցնելով, որ այս տօնին կը յիշատակենք 7-րդ դարուն Հերակլ կայսրին կողմէ Քրիստոսի խաչափայտին գերութենէ դարձը ու Հայաստանէն անցնելով՝ Երուսաղէմ տարուիլը ու բարձրացումը։ Ան նշեց, որ այս տօնը մեծ խորհուրդ ու նշանակութիւն ունի հայերուս համար, որովհետեւ մեր նախնիք եւս իրենց արիւնը թափեցին Ս. Խաչափայտի ազատագրման ընթացքին։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ մատնանշեց, որ հայ ազգը դարեր շարունակ ապաւինած է Ս. Խաչին՝ քաջ գիտնալով, որ Խաչը երկինքի դռները բացող բանալին է եւ փրկութեան առաջնորդող միակ ճանապարհը։ Խաչը Աստուծոյ սիրոյ, զօրութեան, իմաստութեան, զոհաբերութեան ու փրկութեան գերագոյն խորհրդանիշն է: Խաչը նոյնպէս յաղթութեան նշանակութիւն ունի, առանց որուն մենք ի վիճակի պիտի չըլլայինք նեղութիւններ յաղթահարելու, մեղքէն ազատագրուելու եւ մահուան վրայ յաղթանակ տանելու։ Խաչը զէնք է թշնամիներուն դէմ, պաշտպանութիւն՝ հաւատացեալներուն եւ մխիթարութիւն՝ տարակուսողներուն համար։ Եւ վերջապէս, մեր Տէրն ու Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս Իր խաչելութեամբ ու հրաշափառ յարութեամբ դարձաւ մեր միակ Քաւչարարը, որ ճամբայ հարթեց դէպի յաւիտենութեան ու փրկութեան ուղին։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը խօսելով «Քորոնա» ժահրի համաճարակի մասին՝ ըսաւ. «Համաճարակի այս տագնապալի օրերուն, մեր եկեղեցիներն ու դպրոցները բազում մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին, մեր ընտանիքներու բնականոն կեանքը խախտուած է, իսկ շատեր հոգեւոր, ֆիզիքական, մտային ու զգացական դժուարութեանց մէջ են։ Մենք վստահելով Խաչի զօրութեան, անոր յոյսով ապրելով, պիտի վերահաստատենք մեր ուխտը ու պիտի ապաւինինք անոր զօրութեան, որովհետեւ մենք՝ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ զաւակներս, գիտենք որ Տէրը մեր ապաւէնն է, յոյսն է, Խաչը Տիրոջ զօրութիւնն է ու մեր փրկութեան տապանը։ Այո՛, Տէրը մեր սրտերուն մէջ կը բնակի եւ մեզի ոյժ կու տայ՝ յաղթահարելու համար մերօրեայ բոլոր տագնապներն ու խոչընդոտները», նշեց պատարագիչ Սրբազանը։

Իր հոգեւոր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս վերահաստատեց, որ մեր նախահայրերը խաչափայտի վերադարձին ցնծութեամբ ուրախացան եւ յորդորեց, որ մենք ալ նոյն հաւատքով, այս տօնին ոգեւորութեամբ տոգորուած ու հոգեւորապէս յաղթանակած, պէտք է վստահ ըլլանք, որ աստուածային սէրը եւ զօրութիւնը մեզի համար պաշտպան ու պահապան են, այնքան ատեն որ մենք կը նայինք խաչին՝ իբրեւ գերագոյն աղբիւրն ու զօրութիւնը մեր կեանքին, որպէս մեր բոլորին առաջնորդն ու խաղաղութեան նաւահանգիստը։ Բոլոր ժամանակներէ աւելի, մանաւանդ այս օրերուն, մեր անհատական ու հաւաքական կեանքին մէջ պէտք ունինք խաչի զօրութեան։ Մեր աղօթքները միաւորելով ու խաչի զօրութեան վստահելով, աղօթենք, որ Տէրը Լիբանանն ու Սուրիոյ մեր գաղութները շուտով վերականգնէ, Միջին Արեւելքէն ներս խաղաղութիւնը վերահաստատէ եւ պահէ ու պահպանէ Հայաստանն ու Արցախը։

Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ ռեհանի եւ մատաղի օրհնութեան արարողութիւնը, որմէ ետք հնչեց «Կիլիկիա» մաղթերգը։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Ազգ. Մեսրոպեան վարժարան, ուր կատարեց «Ռոն եւ Գոհարիկ Գաբրիէլ» մանկամսուրի օրհնութիւնը, որ յաջորդ օր՝ 14 Սեպտեմբեր իր դռները բացաւ մեր մանուկներուն համար։ Արարողութեան ներկայ էին Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչն ու հովիւը, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Տիար Դաւիթ Ղուկասեան, մանկամսուրի տնօրէնուհի Անգին Իսկաճեանը, Մանկամսուրի բարերար Տիկին Գոհարիկ Գաբրիէլը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Վիգէն Բագրատունին։ Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Ս. Խաչվերացի տօնին զուգադիպող այս օրհնութիւնը խաչի զօրութեամբ պաշտպանէ մեզ եւ մաղթեց, որ տարեշրջանը ըլլայ արդիւնաւէտ, ապահով եւ անփորձանք, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր աշակերտները ֆիզիքապէս իրենց վարժարանները շուտով վերադառնան։

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022