Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնին Առիթով Երեկոյեան Ժամերգութիւն եւ Նախատօնակ

Տարիներու գեղեցիկ ու իմաստալից աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը յիշատակուեցաւ արժանավայել կերպով։

Նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն, Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Թարգմանիչ Սուրբերուն նուիրուած շարականներու երգեցողութեամբ, ժողովուրդը հոգեպարար պահ մը ապրեցաւ:

Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան իր քարոզին մէջ վեր առաւ Թարգմանիչ վարդապետներուն տարած մշակութային եւ եկեղեցական գործունէութիւնը, նշելով, որ անոնք իրենց կեանքերը նուիրաբերեցին լուսաւորելու համար մեր ազգի հոգեւոր եւ մշակութային անդաստանները։ Անոնք իրենց հաւատքն ու գիտութիւնը ի սպաս դրին մեր ժողովուրդի գոյատեւումը ապահովելու համար։ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետը գտաւ հայերէն գիրերը, որոնց շնորհիւ, կարողացանք սեփական լեզուով կարդալ Աստուծոյ խօսքը եւ կերտել սեփական մշակոյթ։ Ան իր քարոզը եզրափակեց կոչ ուղղելով հաւատացեալներուն, որպէսզի Ս. Թարգմանիչ վարդապետներու յիշատակը պանծացնելով ապրին եւ անոնց ձգած կտակով զօրանան իրենց հաւատքին ու սիրոյն մէջ՝ հանդէպ ազգային ու եկեղեցական աշխատանքներուն, որպէսզի հայ լեզուն ու հաւատքը, բայց մանաւանդ Ս. Թարգմանիչ վարդապետներու աւանդը միշտ վառ մնայ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022