Տեառնընդառաջի Տօնը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ – Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկաուտներուն Հետ Աւանդական Ընթրիքի Երեկոյ

Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Յիսուս Մանուկի քառասնօրեայ Տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, յատուկ արարողութիւններով ու խարոյկի հրավառումով։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, համաձայն տարիներու աւանդութեան, նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան եւ խարոյկի հրավառման, ապա նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն հետ ունեցաւ աւանդական ընթրիքի երեկոն։ Աղօթակից էին առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանն ու Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամները, ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, անդամներէն Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Մանուէլ Մարսէլեանն ու անդամներ, սկաուտ-խմբապետներ ու սկաուտներ, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր եղբայրակցութեան անդամներ։

Եկեղեցական արարողութիւնները ընթացան օրուան յատուկ աղօթքներով ու շարականներով. տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց աշխարհի չորս կողմերը եւ ներկայ հաւատացեալները։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին ընդմէջէն, Ղուկասու Աւետարանի 2-րդ գլուխի 22-էն 40-րդ համարէն, վեր առաւ քառասնօրեայ Յիսուս Մանուկի տաճար ընծայման խորհուրդը։ Ան նշեց, որ «Սիմէոն եւ Աննա մարգարէուհին Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներն էին ու իրենց կեանքը նուիրած էին Աստուծոյ, հետեւաբար, արժանի եղան Աստուածորդին իրենց աչքերով տեսնելու՝ տաճար ընծայման օրը», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ շարունակեց. «Աստուածորդւոյն տեսութեան արժանանալը պատահականութեան արդիւնք չէ, այլ վարձատրութիւն մը՝ հոգեկան պատրաստութեան, հնազանդութեան, կարգապահութեան, հոգեւոր արթնութեան եւ Աստուծոյ կամքին ամբողջական նուիրումի, առաքինութիւններ՝ որոնք մարմնաւորուած էին երկու սրբակենցաղ անձերուն մէջ»։ Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ նաեւ տօնի խորհուրդէն բխող երկու պատգամներուն վրայ. առաջին՝ հնազանդութիւն ու հաւատարմութիւն օրէնքներուն ու աւանդութիւններուն. Յիսուսի երկրաւոր ծնողները՝ Յովսէփ եւ Մարիամ, նորածինը Տաճար տարին համաձայն իրենց օրերու օրէնքին ու աւանդութեանց. այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց ծնողներուն հետեւելու անոնց օրինակին, պահպանելու հաւատքն ու բարի աւանդները ու զանոնք փոխանցելու նոր սերունդներուն, իսկ երիտասարդներուն յանձնարարեց չանտեսել Աստուծոյ պատուիրաններն ու եկեղեցական աւանդութիւններն ու սրբութիւնները, որոնք ճշմարիտ ուղիի մէջ կը պահեն զիրենք։ Երկրորդ՝ այս տօնը մեզի ուղղուած հրաւէր է, որպէսզի ընդառաջ երթանք Աստուծոյ, աւելի՛ եւս մօտենանք Անոր, Իր լոյսով լուսաւորենք մեր կեանքը ու իբրեւ Արդարութեան Արեգակ՝ Անոր ջերմութեամբ պայծառացնենք զայն, վերջապէս՝ մենք մեզ նուիրենք Աստուծոյ ու ազգի ծառայութեան, Անոր խօսքերը ընդունինք իբրեւ մեր առաջնորդը։

Ապա, տեղի ունեցան Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող խորանէն բերուած մոմի լուսաւորութիւնն ու մանուկներու Ս. Խորան ընծայման արարողութիւնները։ Այնուհետեւ, հոգեւոր հայրերն ու հաւատացեալները թափօրով դուրս եկան եկեղեցիէն եւ համախմբուեցան բակին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական խարոյկի հրավառութիւնը։ Երգուեցան ազգային եւ Ս. Վարդանանց նուիրուած երգեր։ Հանդիսաւոր պահը աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»ի եւ Հայաստանի Քայլերգին խմբերգումով։

ԸՆԹՐԻՔ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ԱԿԱՆ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Արարողութիւններէն ետք, ժողովականներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներն ու վարչական պատասխանատուները «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ ժամադրուած էին Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւոր հայրերուն հետ, տարեկան աւանդական ընթրիքի երեկոյին համար, հիւրընկալութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն ու հոգաբարձութեան։

Հանդիպումի սկզբնաւորութեան, Եղբ. Յովիկ Շահինեան ստացաւ փոխ խմբապետի աստիճան։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։ Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Աթմաճեան կատարեց հանդիսավարութիւնը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Տիար Արտաշէս Գազարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրազանին, այս աւանդութիւնը անշեղօրէն պահպանելուն համար, ընդգծելով, որ այս հանդիպումը մաս կը կազմէ հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային աւանդութիւններու հաւատարմութեան պահպանումին։ Ան հակիրճ կերպով խօսեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սերնդակերտ ու հայրենանուէր ծառայութիւններուն մասին, որոնց մաս կը կազմեն գայլիկներու եւ սկաուտներու յատուկ «Գայլ Վահան», «Ս. Վարդան» եւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշաններու դաստիարակչական ծրագիրները, որոնք կ’իրագործուին Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։

Հայր Թորգոմ խօսեցաւ Տեառնընդառաջի տօնին իմաստին ու անկէ բխող պատգամներուն մասին, նշելով, որ այս տօնը հաւատացեալին ուղղուած հրաւէր է Աստուծոյ նուիրուելու, ձերբազատուելու նախկին մարդէն, մեղքերն ու ցաւերը ձգելու կրակին մէջ ու վերանորոգ մարդ դառնալու։ Ան սկաուտներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ անոնք նախ եւ առաջ հայ քրիստոնեաներ են, պարտականութիւն ունին ամէն օր պահպանելու հաւատքը, ծառայելու հայրենիքին եւ մնալու աւանդներու պաշտպան, ապրելու կեանք մը, որ ըլլայ Աստուծոյ փառաբանութիւնն ու ներշնչումի աղբիւր՝ ուրիշներու։

Եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ականները, ինչպէս նաեւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր եղբայրակցութեան անդամները, որոնք առաջին անգամ ըլլալով մասնակից էին այս երեկոյին։ Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ այս աւանդութիւնը կը շարունակուի 22 տարիէ ի վեր, ձայնակցեցաւ Տիար Գազարեանի այն նշումին, որ այս արարողութեանց երիտասարդներուն մասնակցութիւնը ունի դաստիարակչական ազդեցութիւն, եւ ներգործութիւն կ’ունենայ անոնց կեանքին ու հոգիներուն վրայ։ Ան յորդորեց սկաուտները, մաղթելով, որ իրենց ստացած դաստիարակութիւնը թափանցէ հոգիներէն ներս ու արտայայտութիւն գտնէ կեանքի մէջ, ինչ որ ընեն՝ ըլլայ բարի կամեցողութեամբ եւ սիրով, դառնան ուրիշներուն օրինակ։ «Ձեր բոլոր գործերուն մէջ վառ պահեցէք հաւատքը, ընտանիքի, ազգի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սէրը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, իսկ Հայաստանի Անկախութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի տարուան առթիւ, կոչ ուղղեց սկաուտներուն՝ շարունակելու ծառայութեան ուղին հիմնադիրներու աւանդով եւ անկախութեան ու հայրենասիրութեան ոգիով։ Ապա, օրհնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներն ու Եղբայրակցութեան անդամները, ինչպէս նաեւ գնահատեց հոգեւոր հովիւներն ու հոգաբարձութիւնը՝ հիւրընկալութեան համար։

Երեկոն վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգով։ Սկաուտներուն նուէր տրուեցան «Աստուծոյ Խօսքը» աղօթագիրքէն օրինակներ եւ պատկերազարդ աղօթքներ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022