Հովուական Անդրանիկ Այցելութիւն Ի Լաս Վեկաս

Շաբաթ, 23 Յունուար 2021ի առաւօտեան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան կը մեկնի Լաս Վեկաս: Նոյն օրը ան պիտի նախագահէ Լաս Վեկասի Հայց. Առաք. Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Կիրակնամուտի Ժամերգութեան (երեկ. Ժամը 5) եւ կատարէ քահանայական կոչման արարողութիւնը Բարշ. Սեւակ Սրկ. Պատոյեանի, ապա հանդիպում մը պիտի ունենայ շրջանի Ազգային երեսփոխաններուն, եկեղեցւոյ Հոգաբարձական կազմին եւ համայնքի բարերարներուն հետ:

Կիրակի, 24 Յունուար 2021ի առաւօտեան ժամը 10ին Սրբազան Հայրը Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցանէ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, կատարէ քահանայական օծում, Առաջնորդական Անդրանիկ Պատգամը փոխանցէ Լաս Վեկասի ծխական համայնքին, ապա ընդունի այցելութիւնը տեղւոյն միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Կրօնական ժողովի անդամներ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, Ազգային վարչութեան անդամներ Բարշ. Պերճ Սրկ. Աբգարեան, Տիկ. Ծովիկ Զէյթլեան եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիար Կայծակ Զէյթլեան:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022