Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» Օրաթերթի Նախկին Փոխ-Խմբագրապետը Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» օրաթերթի նախկին փոխ-խմբագրապետ՝ Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի, որուն կ’ընկերակցէր իր եղբայրը՝ Տիար Գէորգ Յակոբեան։

Հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ եւ առիթ եղաւ ընդհանուր գիծերու մէջ զրուցելու մեր գաղութի եւ Պոլսոյ հայ համայնքի կեանքը յուզող հարցերու շուրջ։ Յարգելի հիւրերը գոհունակութիւն յայտնեցին հանդիպումին համար, գնահատելով Ազգային Առաջնորդարանի եւ ընդհանրապէս մեր Եկեղեցւոյ դերը՝ հայութեան կեանքին մէջ։ Այս առիթով, Օր. Յակոբեան իր «Անվերջակէտ Զրոյց՝ Մեր Գրականութեան Երախտաւորներուն Հետ» խորագրեալ գիրքը նուիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութեան յայտնեց գիրքին ու այցելութեան համար, յաջողութիւն մաղթեց անոնց ազգանուէր գործունէութեան եւ փոխանցեց յիշատակի նուէրներ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022