ՖՐԵԶՆՕ

Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Մայր Եկեղեցի

Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան, Հոգեւոր Հովիւ

2226 Ventura Ave.
Fresno, CA 93718

Telephone: (559) 486-1141
Fax: (559) 486-1939
Website: www.holytrinityfresno.org
E-mail:
 info@holytrinityfresno.org

Քալիֆորնիահայ գաղութին ամենահին արմատները պէտք է փնտռել Ֆրեզնոյի մէջ: Արեւմտահայաստանի այլազան գաւառներէն գաղթած հայերէն բացի, հետագային «ԱՆՉԱ»ի միջոցաւ մեծաթիւ խումբերով հայեր գաղթած եւ հաստատուած են Ֆրեզնօ:

Եթէ պահ մը վերադառնանք մինչեւ 1895 թուական, կը տեսնենք, որ իրենց ազգային ինքնութեամբ մտահոգ հայորդիներ, քով քովի գալով, կրօնական, հոգեւոր սնունդի պապակը կը զգան:  Սկզբնական այդ շրջանին, Արժ. Տ. Ահարոն Քհնյ. Մելքոնեան կը սկսի պատարագ մատուցել «F» եւ «California» փողոցներուն վրայ գտնուող համայնքի սրահին մէջ, առաջին հոգեւոր հովիւը դառնալով գաղութին:

Ֆրեզնոյի մէջ Հայկական առաջին եկեղեցին կը կառուցուի 1900 թուականի Հոկտեմբեր 14-ին, «F» եւ «Monterey» փողոցներուն անկիւնը:  Եկեղեցւոյ օծումը կը կատարուի ձեռամբ Յովսէփ Եպս. Սարաճեանի, որ զայն կը մկրտէ «Ս. Երրորդութիւն» անուամբ:

Փաստօրէն, Հիւսիսային Ամերիկայի Քալիֆորնիա նահանգի առաջին հայկական եկեղեցին ըլլալով, «Մայր» տիտղոսը ունի իր անուան առջեւ, որ մինչեւ օրս գործածական է:

1913 թուականի Յուլիսի 9-ին փայտաշէն սոյն եկեղեցին եւ կողքի սրահը աղետալի հրդեհի մը զոհ կը դառնան:

Անգութ հրդեհը, փոխանակ յուսահատութեան մատնելու գաղութը, մարտահրաւէր կը կարդայ բոլորին, քարաշէն եւ աւելի ընդարձակ եկեղեցիի մը կառուցման սրբազան աշխատանքին նուիրուելու:

1914, Յունուարի 9-ին կը կատարուի հիմնօրհնէքը, իսկ նոյն տարուան Դեկտեմբերի 13-ին, ժողովրդային աննախընթաց խանդավառութեան մէջ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Սերոբեան կը կատարէ օծումը նորակառոյց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022