Առաջնորդ Սրբազան Ընդունեց Կլենտէյլի Ոստիկանապետի Այցելութիւնը

Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018-ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի ոստիկանապետ Քարլ Փովիլայթիսի, որուն կ’ընկերանար իր օգնականներէն՝ հանրային տեղեկատուութեան բաժանմունիք վարիչ Տէն Սաթըլզ։ Հանդիպումին ներկայ եղան Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթնաճեան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան։

Տօնական օրերու փոխադարձ բարեմաղթութիւններէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը յանուն Ազգ. Առաջնորդարանի անգամ մը եւս բարի երթ մաղթեց ոստիկանապետին՝ իր առաքելութեան մէջ։ Յիշեցնենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղած էր ոստիկանապետին պաշտօնի ստանձնումի արարողութեան եւ կատարած՝ բացման աղօթքը։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու յատկապէս Կլենտէյլի մեր համայնքը յուզող հարցերու եւ ծրագիրներու մասին։ Այնուհետեւ զրոյցը շարունակուեցաւ ճաշի սեղանի շուրջ։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փախանակում։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022