Խաղողօրհնէք Ընկերային Յատուկ Հոգածութիւն Ստացողներուն Համար

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով եւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան տնօրինութեամբ, Երկուշաբթի, 19 Օգոստոս 2019-ին, խաղողօրհնէքի յատուկ արարողութիւն կատարուեցաւ խումբ մը երիտասարդներու համար, որոնց յատուկ հոգածութիւն կը ցուցաբերուի «Վերականգնումի կեդրոն»ի մը մէջ։

Արարողութիւնը կատարեց Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, մասնակցութեամբ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեանի, որ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնները։ Տ. Ղեւոնդ Քահանայ կատարեց խաղողօրհնէքը եւ տուաւ օրուան յատուկ քարոզ մը։ Աւարտին, ներկաները իբրեւ նուէր ստացան Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ տրամադրուած աղօթագիրքեր։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022