Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ եւ Մխիթարեան Միաբանութեան մօտ պապական նուիրակ Գերապայծառ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի։ Հիւր հոգեւորականին կ’ընկերանար Տիար Արամ Պօղոսեան։ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան մասնակցեցան հանդիպումին։

Հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ եւ առիթ եղաւ ընդհանուր գիծերու մէջ զրուցելու մեր գաղութի եւ Պոլսոյ հայ համայնքի կեանքը յուզող հարցերու շուրջ։ Կողմերը փոխադարձաբար գոհունակութիւն յայտնեցին հանդիպումին համար, իսկ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր կարգին յաջողութիւն մաղթեց Գերապայծառին իր աստուածահաճոյ առաքելութեան եւ ազգանուէր գործունէութեան մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022