Հայսատանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողով Ս. Էջմիածինի Մէջ


Երեքշաբթի, 24 Սեպտեմբեր, 2013-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովին բացումը, ներկայութեամբ մեր չորս նուիրապետական աթոռներու առաջնորդներուն եւ միաբանութեանց անդամ եպիսկոպոսներուն։

Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ մեր Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։

24-27 Սեպտեմբերին գումարուող այս ժողովին բոլոր մասնակից հոգեւորականները, Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբերի երեկոյեան Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ միասնաբար կատարեցին Կանոնական Աղօթք, Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հետ։

Գարեգին Բ. Վեհափառ եղբայրական սիրոյ արտայայտութեամբ ողջունեց Արամ Ա. Վեհափառի ժամանումը Ս. Էջմիածին ու վեր առաւ յառաջիկայ օրերուն գումարուելիք Եպիսկոպոսաց ժողովին նախախնամական գումարումը, յատկապէս շեշտելով որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին կը զուգադիպի անիկա:

Արամ Ա. Վեհափառ, գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, անգամ մը եւս Մայր Հայրենիքի ու Ս. Էջմիածնի մէջ գտնուելուն առիթով, ողջունեց նուիրապետական Ս. Աթոռներու Եպիսկոպոսաց դասու անդամները, սոյն սրբագումար հանդիպումը նկատելով հայ եկեղեցւոյ պատասխանատուներու գիտակից մօտեցում:

Ան նաեւ անդրադարձաւ 22 տարիներ առաջ կերտուած Հայաստանի անկախութեան, եւ անցնող տարիներու ընթացքին մեր ժողովուրդի դիմադրողական ոգիին, անդրանցելու համար բոլոր տեսակի դժուարութիւնները:

Արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետները ուղղուեցան դէպի Վեհարան, ուր կարճ հանդիպում մը ունեցան Եպիսկոպոսաց դասուն հետ, ապա նաեւ առանձնակի զրոյց՝ յաջորդ օրը սկսող համաժողովի աշխատանքներուն առնչութեամբ:

Սեպտեմբեր 24-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ երկու Վեհափառ Հայրապետնետուն, սկսաւ Եպիսկոպոսաց ժողովը: Ս. Էջմիածին ժամանած էին Հայ Եկեղեցւոյ 75 արքեպիսկոպոսներէն ու եպիսկոպոսներէն 62-ը:

Ժողովի բացման արարողութեան ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ տիար Սերժ Սարգսեան:

Ժողովը սկսաւ միասնական Տէրունական աղօթքով: Ապա, ժողովականները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, հոգելոյս Տ. Շահան Արք.         Սվաճեանի, Տ. Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի եւ Հայ եկեղեցւոյ բոլոր հանգուցեալ սպասաւորներու հոգիներու հանգստութեան համար:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ներկաները ողջունեց եւ հրաւիրեց նախագահ Սարգսեանը` իր ողջոյնի խօսքն ուղղելու Եպիսկոպոսաց ժողովի մասնակիցներուն:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, նախագահ Սարգսեան յիշեց այն կարեւորագոյն առաքելութիւնը, որ դարեր շարունակ կատարած է Հայաստանեայց եկեղեցին՝ մեր ժողովուրդին եւ մեր հայրենիքին համար։

Անդրադառնալով Մեծ Եղեռնի զոհերու սրբադասման հարցին՝ նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարեկիցի նախաշեմին, համայն հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր «ոչ»ը հնչեցնել մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն։

Անդրադառնալով Սուրիահայութեան ներկայ քաղաքական կացութեան եւ հայ ժողովուրդի կրած կորուստներուն եւ անապահովութեան, ան մաղթեց որ շուտափոյթ լուծում մը գտնուի արիւնահեղութեան եւ մշտնջենապէս  խաղաղութիւն հաստատնուի մեր բարեկամ երկիրներու միջեւ։

Նախագահ Սարգսեան իր խօսքը եզրափակեց ազգային ու հոգեւոր իղձերու իրականացման մաղթանքներով։

Իր կարգին ողջունելով ժողովին մասնակցիները, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մէջբերումներ կատարելով Պօղոս առաքեալի եւ Գրիգոր Տաթեւացիի գրութիւններէն,  յոյս յայտնեց որ սոյն ժողովը լայնօրէն քննարկէ եւ պատշաճ որոշումներ տայ մկրտութեան ծէսի միօրինակութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասման կանոնի հիմնական հարցերու մասին։

Ան յիշատակեց, որ զոյգ կաթողիկոսութեանց կողմէ կազմուած յանձնախումբը արդէն որոշ աշխատանքներ կատարած է։

Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւս ողջոյնի խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա ներկայացուց իր պատկերցումն ու տեսլականը եկեղեցական բարեկարգումներու գծով։ Ան շեշտեց թէ բարեկարգութիւնը  ըստ էութեան պէտք է ըմբռնել որպէս եկեղեցւոյ կեանքին ու մտածողութեան վկայութեան ու առաքելութեան վերարժեւորումը, վերանորոգումը ու վերակենսաւորումը։

***

24-27 Սեպտեմբեր Մայր Աթոռ Ս. Էջիմածինի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց ժողովի դիւանը Ուրբաթ օր տարածած հաղորդագրութեան մէջ ամփոփած է ժողովի աշխատանքները:

«24 Սեպտեմբերի նիստերուն եպիսկոպոսաց դասը քննարկեց Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ մէջ սրբադասման աւանդութեան վերականգնման հարցը եւ այդ շրջագիծին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման խնդիրը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Զեկուցումներու քննարկման իբրեւ արդիւնք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման հոլովոյթին առնչութեամբ Եպիսկոպոսաց ժողովը որոշած է` որդեգրել Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հաւաքական սրբադասման սկզբունքը, յանձնարարել Սրբադասման յանձնախումբին` շարունակել նահատակներու անհատական եւ խմբային սրբադասման ուսումնասիրութիւնը` Եպիսկոպոսաց յառաջիկայ ժողովներուն ներկայացնելու համար, յանձնարարել Սրբադասման յանձնախումբին մշակել սրբադասման կանոնակարգը եւ արարողակարգը` Եպիսկոպոսաց յառաջիկայ ժողովին ներկայացնելու համար:

25-26 Սեպտեմբերի նիստերուն Եպիսկոպոսաց ժողովի մասնակիցները քննութեան առին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ առաջին երկու խորհուրդներու` Ս. Մկրտութեան եւ դրոշմի առնչութեամբ Ծիսական յանձնախումբին կողմէ կատարուած աշխատանքները: Իսկ 27 Սեպտեմբերի նիստերը նուիրուած էին հայ եկեղեցւոյ այժմէական մարտահրաւէրներուն:

Եպիսկոպոսաց ժողովը որոշեց հաստատել հիմնադրամ մը` Հայաստանի ու Արցախի եւ սուրիահայութեան կարիքաւոր զաւակներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Հիմնադրամի գործունէութեան սկիզբին համար հաստատուեցաւ երկու միլիոն տոլարի նախնական դրամագլուխ, իսկ հիմնադրամի ընթացիկ աշխատանքներուն կազմակերպման համար ստեղծուեցաւ յատուկ յանձնախումբ:

Ժողովականները կարեւոր նկատեցին Եպիսկոպոսաց ժողովներու պարբերական գումարումը` Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած զանազան մարտահրաւէրներուն ու հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն անդրադառնալու նպատակով:

Եպիսկոպոսաց յաջորդ ժողովը որոշուեցաւ գումարել 2014 թուականի աշնան:

Opening Remarks of H.H. Catholicos Aram I

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022