Ուաշինկթընի մէջ՝ Պատմական Միջ-Եկեղեցական Արարողութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Զօրակցութեան Համար

Երկուշաբթի, 15 Յուլիս 2019-ին, նախաձեռնութեամբ «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» կազմակերպութեան, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ պատմական միջ-եկեղեցական արարողութիւն մը, ի զօրակցութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք շարունակ հալածանքներու ու նեղութեանց կ’ենթարկուին Միջին Արեւելքի մէջ։

Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Միացեալ Նահանագներու մէջ պապական նուիրակ Քրիսթոֆ Արք. Փիեռ, Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդ Ժոզէֆ Արք. Զահլաուի, Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոս, Մարոնիթ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի առաջնորդ Իլիաս Եպս. Զէյտան, Մարոնիթ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի առաջնորդ Կրէկորի Եպս. Մանսուր, Պատուելի Տէն Քամինզ եւ այլ հոգեւորականներ մասնակցեցան արարողութեան։

Նախքան արարողութիւնը, Քոնկրէսի անդամներ ու պաշտօնական դեմքեր հանդէս եկան զօրակցութեան խօսքերով։ Հայ Դատի գործադիր տնօրէն Տիար Արամ Համբարեան իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց աւելի խիստ պատժամիջոցներ սահմանելու անմեղ մարդոց դէմ կատարուած ցեղասպանութեանց եւ բոլոր վայրագութեանց։

Արարողութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանները իրենց կարգին աղօթքներ արտասանեցին. շարականներ երգուեցան Միջին Արեւելեան լեզուներով։

Աւարտին, ներկաները ուղեւորուեցան Քոնկրէսի վերնայարկ (Rotunda), ուր նաեւ տարբեր լեզուներով շարականներ երգուեցան։ Իսկ Առաջնորդ Սրբազաններուն եւ իրենց ընկերակցող եկեղեցականներուն կողմէ առաջին անգամ ըլլալով հնչեց «Տէր Ողորմեա»ն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022