ԿԻԼԻԿԻՈՅ Ս. ԱԹՈՌ

www.armenianorthodoxchurch.org

Հայաստանեայց Եկեղեցին ԺԱ. դարէն ետք, իբրեւ գործունէութեան կեդրոն ունեցաւ Մեծ Հայքէն (Մայր Հայաստանէն) դուրս տարածքներ, գլխաւորաբար՝ Կիլիկիոյ մէջ: Սելճուքեան արշաւանքներու հետեւանքով, մանաւանդ Անի մայրաքաղաքին կործանումէն (1064) ետք, հոծ հայութիւն մը եկաւ հաստատուելու Կիլիկիա:

Գաղթականները, ընդհանրապէս զինուորականներ եւ իշխաններ, հետզհետէ հաստատուեցան Տաւրոսեան լեռնաշղթային եւ դաշտային Կիլիկիոյ մէջ, կազմակերպեցին ազգային-եկեղեցական կեանքը եւ ստեղծեցին պետականութիւն, որ շուտով վերածուեցաւ թագաւորութեան: Մայրաքաղաք դարձաւ Սիս բերդաքաղաքը, ուր հաստատուեցաւ նաեւ Կաթողիկոսութեան Աթոռը, 1293ին:

ԵՐԿՈՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾՈՑԻՆ ՄԷՋ­­­­­­­

Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութիւնը կործանեցաւ 1375-ին, Եգիպտոսի Մեմլուքներու արշաւանքին հետեւանքով: Սակայն Կաթողիկոսութիւնը շարունակուեցաւ եւ այնուհետեւ ստանձնեց Ազգային կեանքին ղեկավարութիւնը:

Նոյն շրջանին մեծ Հայք յարաբերական ազատութիւն մը կը վայելէր եւ վանական հաստատութեանց շնորհիւ մշակութային զարթօնք սկսած էր: Արեւելեան Հայաստանի ազդեցիկ Եպիսկոպոսներ եւ Վարդապետներ ծրագրեցին նոր Կաթողիկոս մը ընտրել Ս. Էջմիածնի մէջ, որ Կաթողիկոսական Աթոռին առաջին կայքն էր մինչեւ 485 թուականը եւ ջերմ սէր ու խոր յարգանք կը վայելէր հայ ժողովուրդին մէջ:

1441-ին, անոնք Կաթողիկոս ընտրեցին վանական մը՝ Կիրակոս Վիրապեցին, մինչ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն էր Գրիգոր Թ. Մուսաբէկեանց (1439-1446):

Հետեւաբար 1441 թուականէն սկսեալ Հայոց Եկեղեցին ունեցաւ զոյգ կաթողիկոսութիւններ համահաւասար իրաւասութիւններով, առանձնաշնորհումներով եւ թեմական անկախ կազմակերպութիւններով:

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՍԻՍԻ ՄԷՋ

ԺԵ. դարէն մինչեւ Ի. դար երկարող ժամանակաշրջանին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը շարունակեց ծառայել հայ ժողովուրդին, որ կարողացաւ տոկալ եւ գոյատեւել հակառակ Մեմլուքներու արշաւանքներուն եւ թրքական ցեղերու յաջորդական հարուածներուն: Բազմաթիւ Կաթողիկոսներ սպաննուեցան վայրագ կերպով: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամենէն տաժանելի տարիներն էին անոնք: Այսուհանդերձ Կաթողիկոսութիւնը յարատեւեց լուռ ու հերոսական պայքարի ու տառապանքի գնով:

Ամէն պարագայի, Կաթողիկոսութեան հեղինակութիւնը չափազանց սահմանափակուած էր յաչս Օսմանեան պետութեան, որ 1461էն սկսեալ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը հաստատեց եւ զայն ճանչցաւ իբրեւ եկեղեցական եւ քաղաքային բարձրագոյն կեդրոն, Օսմանեան տիրապետութեան տակ ապրող բոլոր հայերուն համար: Արդարեւ, Կոստանդնուպոլիսը նուաճող Ֆաթիհ Սուլթան Մեհմէտ Բ. Պրուսայի Յովակիմ Եպիսկոպոսը նշանակած էր Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք, 1461-ին:

Երբ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան քաղաքային եւ եկեղեցական հեղինակութիւնը սկսաւ հետզհետէ զօրանալ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հեղինակութիւնը բնականօրէն տկարացաւ: Բայց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը շարունակեց ճանչցուիլ իբրեւ Հայոց հոգեւոր գերագոյն պետ, որուն իրաւասութեան սահմաններուն մէջ կ՚իյնային հետեւեալ թեմերը.-

Սիս, Ատանա, Հաճըն, Փայաս, Զէյթուն, Ֆըռնուզ, Այնթապ, Անտիոք, Մելիտինէ, Եոզղատ, Կիւրին, Կիպրոս, Բերիա (Հալէպ), այլ խօսքով Կիլիկիան եւ իր դրացի երկիրներէն Սուրիան եւ Կիպրոսը:

Հակառակ պատմական անբարենպաստ պայմաններուն, արձանագրուեցան նաեւ դրական աշխատանքի շրջաններ: Առանձնապէս հարկ է յիշատակել երկու անուն՝

Կիրակոս Կաթողիկոս Աջապահեան (1797-1822), որ կոչուած է նաեւ Կիրակոս Մեծ, եւ Մկրտիչ Կաթողիկոս Քէֆսիզեան (1871-1894): Երկուքն ալ մեծ ճիգ ի գործ դրին զօրացնելու համար Կաթողիկոսութիւնը՝ նոր շէնքերու, եկեղեցիներու կառուցումով, հովուական այցելութիւններով եւ թեմական կազմակերպութեամբ:

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ Ի. ԴԱՐՈՒՆ

1902-ին Կաթողիկոս ընտրուեցաւ բարձր արժանիքներու տէր հոգեւորական մը՝ Սահակ Արքեպիսկոպոս Խապայեանը, լուսարարապետ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքին:

Ան մեծ ճիգ թափեց Կաթողիկոսական Աթոռի կազմակերպման համար: Սակայն 1909-ի Ատանայի կոտորածը 30 հազար զոհեր խլեց իր ժողովուրդէն: Վեց տարի ետք, Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին (1915-1918) Օսմանեան Թուրքերը մէկ ու կէս միլիոն հայեր ջարդեցին. մնացորդը տարագրուեցաւ աշխարհի զանազան կողմերը:

Պատերազմի աւարտին Կիլիկիոյ հայերը վերադարձան իրենց հայրենիքը, վերաշինեցին իրենց տուները եւ վերստին կազմակերպեցին ազգային-եկեղեցական կեանքը: Բայց, երբ ֆրանսական զօրքերը պարպեցին Կիլիկիան (Յունուար 1922), հայերը հարկադրաբար անգամ մը եւս լքեցին իրենց հայրենիքը եւ եկան հաստատուելու գլխաւորաբար Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, որոնք այդ ժամանակ ֆրանսական հոգատարութեան տակ կը գտնուէին:

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Աթոռն ալ գրաւուեցաւ եւ աւերուեցաւ: Սահակ Բ. Կաթողիկոս հետեւեցաւ իր հօտին: Մնայուն կեդրոն մը չունէր: Հայրապետական իր պաշտօնին կատարման եւ աղետահար իր հօտին հոգեւոր խնամքը տանելու համար ան շրջեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի զանազան քաղաքները, միաժամանակ փնտռելով ապահով կայք մը իր Աթոռին համար:

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

1930-ին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հաստատուեցաւ Անթիլիասի մէջ, որով նոր դարաշրջան մը բացուեցաւ անոր պատմութեան մէջ՝ թեմերու վերընձիւղումով: Համայն Սփիւռքի տարածքին ցրուած հայ ժողովուրդը նոր յոյսերով եւ ակնկալութիւններով լեցուն իր աչքերը յառեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Դպրեվանքը հայագիտական եւ կրօնագիտական ուսման կարեւոր կեդրոն մը դարձաւ: Նուիրեալ հոգեւորականներու հոյլ մը արժանաւորապէս իր ձեռքերուն մէջ առաւ թուրք ջարդարարներու հարուածներուն տակ ինկած հայ հոգեւորականներուն կէս ձգած գործը:

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԹ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐԸ

Տարիներու յոգնասպառ աշխատանքին եւ տառապանքին տակ կքած եւ իր հօտին կրած անլուր հալածանքներէն ընկճուած՝ Սահակ Բ. Կաթողիկոս ուզեց իրեն օգնական եւ աջակից ունենալ Բբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեանը, որ 1931-ի Ապրիլին Աթոռակից Կաթողիկոս ընտրուեցաւ եւ օծուեցաւ:

Անթիլիասի մէջ շուտով հաստատուեցաւ տպարան մը, ուր սկսաւ հրատարակուիլ կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթ «Հասկ» ամսագիրը, ինչպէս նաեւ՝ կրօնական, դաստիարակչական եւ պատմական այլ գործեր: Սակայն Սահակ Բ. Կաթողիկոսին յոյսերը իր յաջորդին մասին ի դերեւ ելան: Բաբգէն Աթոռակից կաթողիկոս, որ պիտի յաջորդէր իրեն վախճանեցաւ 1936-ին, հինգ տարուան եռուն ու արդիւնաւէտ աշխատանքէ ետք:

Այնուհետեւ Կիպրոսի թեմի Առաջնորդ Պետրոս Արք. Սարաճեան Կաթողիկոսական Ընդհանուր Փոխանորդ նշանակուեցաւ, դարձեալ Սահակ Բ. կաթողիկոսին կողմէ: Իր անդուլ աշխատանքին շնորհիւ Ամերիկեան Նպաստամատոյց Ընկերութենէն (Near East Relief) գնուեցաւ Անթիլիասի կալուածը (15 հազար քառ. մեթր), ուր 1922 եւ 1923 տարիներուն որբանոց բացուած էր:

Կառուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը (1940)՝ անանուն, բայց յետ մահու հրապարակուած բարերարութեամբը՝ Պոլսահայ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Մարինոս Գնաճեանի:

Ապրիլեան Նահատակաց յիշատակին բարձրացաւ Ս. Ստեփանոս յուշրաձան-մատուռը (1938-ին), բարերարութեամբ կիպրաբնակ տիար Վահրամ Իւթիւճեանի: Կառուցուեցան նաեւ վեհարանի եւ դպրեվանքի շէնքերը:

Սահակ Բ. Կաթողիկոս վախճանեցաւ 1939-ին: Իրեն յաջորդեց իր ընդհանուր փոխանորդը՝ Պետրոս Սարաճեան, որ վախճանեցաւ յաջորդ տարի՝ 1940-ի Սեպտեմբերին:

Մինչ այդ ծագած էր Բ. Աշխարհամարտը: Նոր Կաթողիկոսի մը ընտրութիւնը կարելի եղաւ միայն 1943-ին: Հիւսիսային Միացեալ նահանգներու Թեմի Առաջնորդ Գարեգին Արք. Յովսէփեանց Կաթողիկոս օծուեցաւ երկու տարի ետք, 1945-ի Ապրիլին: Իր գահակալութեան շրջանին (1945-1952) Կաթողիկոսութիւնը ապրեցաւ մշակութային ծաղկում: Կաթողիկոսը ինք գիտնական մարդ՝ զարկ տուաւ Դպրեվանքին, արդիականացուց տպարանը եւ թափ տուաւ հրատարակչական գործին: Հետզհետէ արժէքաւոր հատորներ հրատարակուեցան:

Կաթողիկոսարանի պաշտօնաթերթը աւելի բովանդակալից դարձաւ: Դպրեվանքի ուսանողութեան թիւը բարձրացաւ, ուսումնական ծրագիրը ընդլայնուեցաւ: Նոր եւ որակաւոր դասախօսներ միացան ուսուցչական կազմին: Ս. Աթոռին գործունէութեան շրջագիծն ու տարողութիւնը ընդարձակուեցան:

Իր վախճանումէն (1952) չորս տարիներ անցան մինչեւ յաջորդին ընտրութիւնը (1956), յանձին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին:

Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Փայասլեան երիտասարդ, սրբակենցաղ եւ խոր նուիրումի տէր հոգեւորական մըն էր, անդրանիկ շրջանաւարտը Անթիլիասի դպրեվանքին: 16 տարիներ իբրեւ առաջնորդ պաշտօնավարած ըլլալով Հալէպի մէջ, վարչական հարուստ փորձառութիւն ձեռք բերած էր: Իր կարճատեւ գահակալութեան տարիները կարեւոր իրագործումներով արդիւնաւորուեցան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր հովանին տարածեց սփիւռքահայ բազմաթիւ թեմերու վրայ, որոնք երկար տարիներէ ի վեր անհովիւ եւ հոգեւորապէս անմխիթար մնացած էին: Դպրեվանքը դարձաւ իր մասնաւոր հոգածութեան առարկան: Այլ Եկեղեցիներու եւ պետութեանց հետ Կաթողիկոսութեան յարբերութիւնները դարձան բարեկամական եւ սիրալիր:

Իր ներշնչումով եւ իր անձնական առաջնորդութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մուտք գործեց միջ-եկեղեցական շարժման մէջ, անդամակցելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ մասնակեցելով Վատիկանի Բ. ժողովին՝ դէտերու առաքումով:

Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի անակնկալ վախճանումը 1963 Փետրուարին, երբ տակաւին հազիւ 48 տարեկան էր, խորապէս խոցեց սիրտերը համայն հայութեան:

Իր աջ բազուկը՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Խորէն Արք. Բարոյեան 1963-ի Մայիսին բացարձակ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին Կաթողիկոս:

Սուրբ Էջմիածին, ինչպէս 1956-ին, 1963-ին եւս իր մասնակցութիւնը չբերաւ Կիլիկիոյ նոր Կաթողիկոսի ընտրութեան:

Խորէն Ա. կաթողիկոս Բարոյեանի գահակալութեան օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ապրեցաւ շինարար աշխատանքի եռուն շրջան մը: Հայրապետական իր ջանքերուն շնորհիւ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանը օժտուեցաւ արժանավայել վեհարանով (1966-ին), արդիական տպարանով, մատենադարանով եւ վանական յարակից բաժիններով: Դարձեալ իր ճիգերուն պտուղը եղաւ գրական մրցանակներու եւ մշակութային-կրթական ծրագիրներու իրագործումը: Նկատառելի վաստակ մը կապուեցաւ իր անունին նաեւ հանրանուէր գործունէութեան մարզէն ներս, ընկերային զանազան ձեռնարկներու ձեռներէց կազմակերպութեամբ (Ֆանարի Լէյլաւանի իրագործումը ամենէն պերճախօս վկայութիւնն է այս իմաստով): Վերջապէս, հովուապետական իր այցելութիւններով Խորէն Ա. Կաթողիկոս յաջողեցաւ աւելի սերտ կապերով իրարու զօդել Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տարբեր թեմերը, զարկ տալով անոնց առաւել կազմակերպումին եւ բարգաւաճումին:

Խորէն Ա. Կաթողիկոսի յառաջացած տարիքն ու ֆիզիքական քայքայուած վիճակը պատճառ դարձան, որ ան 20 Յունուար 1977-ին հրապարակէ Կոնդակ մը, խնդրելով Աթոռակիցի մը ընտրութիւնը: Մայիս 1977-ին Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Թեմի Առաջնորդ Գարեգին Եպս. Խարգիսեան ազգային համերաշխութեան ընդհանուր մթնոլորտի մը մէջ ընտրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 41-րդ գահակալ: Ս. Էջմիածին երկու պատուիրակներով մասնակցեցաւ Աթոռակից Կաթողիկոսի ընտրութեան:

Աթոռակից Կաթողիկոսին ու ապա՝ 1983-ի, Խորէն Ա.ի վախճանումէն ետք, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր գահակալութեան 18 տարիներուն ընթացքին Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Սարգիսեան մեծ զարկ տուաւ Անթիլիասի ազգային-կրօնական, մշակութային եւ շինարարական մարզերուն աշխուժացման: Ան հաստատեց Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը, Դպրեվանքը Անթիլիասէն փոխադրեց Պիքֆայա, նոր շէնքերով ընդարձակելով եւ արդիականացնելով զայն:

Գարեգին Բ.ի օրով Անթիլիասի տպարանը ապրեցաւ ծաղկումի շրջան մը: Աւանդաբար, տարեկան կազմակերպուեցան գիրքի ցուցահանդէսներ: Հիմնուեցաւ հայ մայրապետներու Գայեանեաց միաբանութիւնը: Վերակառուցուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարն ու Նահատակաց Մատուռը: Կառուցուեցաւ եւ գրեթէ աւարտին հասաւ Կաթողիկոսարանի թանգարան-մատենադարանը:

Անթիլիասի մէջ ընտրուած 7րդ այս Հայրապետը ջանադիր կերպով հետամուտ եղաւ եկեղեցական տագնապի լուծման ճիգերուն եւ Հայաստան իր կատարած մէկէ աւելի այցելութիւններով եղբայրական սերտ ու համերաշխ յարաբերութիւններ մշակեց իր հոգեւոր աւագ եղբօր, Էջմիածնի գահակալ Վազգէն Ա.ի հետ 1988-ի երկրաշարժի, ապա նաեւ Արցախեան պահանջատիրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան ամրապնդման տարբեր առիթներով: Գարեգին Բ., Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով համայն սփիւռքայութեան օժանդակութեան եւ գործակցութեան ձեռքը երկարած պահեց Մայր Աթոռ Էջմիածնի եւ Երեւանի վարիչներու հանդէպ: Ան ընտրուեցաւ «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր վարչութեան անդամ:

Պատմական աննախընթաց քայլով մը, 4 Ապրիլ 1995-ին Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ընտրուեցաւ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ, որ կարճ ժամանակ մը միայն գահակալեց՝ մինչեւ ‎29 Յունիս 1999։

Գարեգին Կաթողիկոսի Էջմիածին մեկնումով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր Սուրբ Աթոռին գահակալ ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Արամ Արք. Քէշիշեանը, 28 Յունիս 1995-ին, որուն կաթողիկոսական օծումը կատարուեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին կողմէ, 1 Յուլիս 1995-ին։

Արամ Կաթողիկոս նոր շունչ բերաւ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին։ Ան իր նախորդներուն պէս շէնցուց եւ առաւել եւս պայծառացուց Կաթողիկոսարանն ու Դպրեվանքը: Իր օրով է, որ աւարտեցաւ եւ բացումը կատարուեցաւ ԿԻԼԻԿԻԱ թանգարան մատենադարանին, կառուցուեցան եպիսկոպոսարան եւ վարդապետանոց, հիւրերու սենեակներ, գրասենեակներ, նորոգուեցան Մայր Տաճարն ու Դպրեվանքի շէնքերը։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեծ կարեւորութիւն տուաւ նաեւ էքիւմէնիք շարժումին։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ինք վերստին Ատենապետ ընտրուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին։ Առաւել եւս ամրացուց միւս բոլոր եկեղեցիներուն հետ մեր Աթոռին կապերը, սատարեց իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան զարգացման Լիբանանի մէջ եւ այլուր։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022