Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցին Տօնեց Հիմնադրութեան 118-րդ Տարեդարձը

Ֆրեզնnյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցին Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2018-ին նշեց իր հիմնադրութեան 118-րդ տարեդարձը։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Ֆրեզնօ, եղաւ եկեղեցւոյ համայնքին հետ, Ս. Պատարագ մատուցեց եւ ուղղեց իր պատգամը, ապա նաեւ նախագահեց եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպուած տօնական ճաշկերոյթին։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ սարկաւագները։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներէն Բարշ. Պերճ Սրկ. Աբգարեան եւ Տիար Կարպիս Պէզճեան, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ ու հաւատացեալներու բազմութիւն մը։

Իր պատգամին սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց համայնքի զաւակներուն եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հովիւին, երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեան ու անոնց կողքին ծառայող բոլոր անձնդիր սպասարկուներուն՝ Այրերու ընկերակցութեան, Տիկնանց միութեան, երիտասարդաց միութեան, դպրաց դասի անդամներուն, Կիրակնօրեայ վարժարանի յարկին տակ ծառայողներուն եւ համայնքի զաւակներուն, մաղթելով, որ անոնք միասնաբար եւ նոյն եռանդով կերտեն եկեղեցւոյ ու ծխական համայնքին յառաջիկայ տարեդարձները։

Առաջնորդ Սրբազանին պատգամին բնաբանն էր Ղուկասու Աւետարանի 9-րդ գլուխի 44-էն 50-րդ համարները, ուր Յիսուս կը խօսի խոնարհութեան մասին։ Ան կանգ առաւ քրիստոնեային համեստ ու խոնարհ ըլլալու նկարագիրին ու նմաններուն ծառայելու յատկանիշներուն վրայ, որ ճշմարիտ մեծութիւնն է։ «Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին բառերով՝ ծառայութիւնը մեր հաւատքին էութիւնն է, ծառայութիւնը կեանքի որակ, ճանապարհ, ու նպատակ է», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ յորդորեց հաւատացեալները այս առաքինութիւնները իրականացնելու եղբայրական սիրով, խոնարհութեամբ եւ հեռու կանգնելով անձնասիրութենէ, որպէսզի մեր նմաններուն հանդէպ սիրոյ եւ հոգածութեան մէջ ըլլանք Քրիստոսի նման։

Նկատել տալով, որ շուտով պիտի նշենք Գոհաբանութեան եւ Ս. Ծննդեան տօները, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց կարեւորութիւնը յատկապէս նման առիթներով մեր նմաններուն հանդէպ սիրոյ, բարեգործութեան եւ ազնուութեան արտայայտութեանց, յիշեցնելով, որ մեր օգնող ձեռքերուն կարիքը ունին մասնաւորաբար Հայաստանի ու Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները։ Յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած թելեթոնին մասնակցելով՝ կրնանք իրագործել այս հրաւէրը։

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ կոչ ուղղեց աղօթք բարձրացնելու վերջին օրերուն Քալիֆորնիոյ տարբեր շրջանները պատուհասող հրդեհներու զոհերուն եւ անոնցմէ վնասուողներուն համար։

Պատգամին վերջին բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ այս տարի տօնեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը, նաեւ կը տօնենք Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Կիլիկեան Ս. Աթոռի հովանին վայելող Թեմի հիմնադրութեան 60-րդ ու Արեւմտեան մեր Թեմի 45-րդ տարեդարձները, որոնք հրաւէր են բոլորիս՝ շարունակելու ծառայել սիրով, խոնարհութեամբ բարի կամեցողութեամբ եւ վերանորոգ հաւատքով. այս ուղիին հրաւիրուած ենք ոչ թէ անձնական փառքի համար, այլ ի փառս Աստուծոյ ու բարգաւաճման մեր եկեղեցւոյ ու ազգին, շեշտեց ան։

«Տէր Ողորմեա»ի պահուն, աղօթք բարձրացուեցաւ աղէտալի հրդեհներու զոհերուն ու ծանր վնասներու ենթարկուողներուն համար, խնդրելով Աստուծմէ, որ հովանի ըլլայ բնակարան վերականգնողներուն ու պահապան՝ հրշէջներուն։ Նշենք, որ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւս նոյն նպատակով աղօթք բարձրացուեցաւ։

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 118-րդ ամեակի ճաշկերոյթը։ Բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավարը՝ Տիար Առաքել Արիսեան։ Գէորգ Աճէմեան երգեց ամերիկեան ու հայկական քայլերգները։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։

Յանուն Ազգային Վարչութեան, խօսք առաւ Բարշ. Պերճ Սրկ. Աբգարեան, որ շնորհաւորեց ծխական համայնքը եւ գնահատանք ուղղեց ծառայողներուն։ Այրերու ընկերակցութիւնն ու Տիկնանց յանձնախումբը ներկայացուցին իրենց աշխատանքներուն տեղեկագիրը եւ մատուցեցին եկեղեցւոյ իրենց տարեկան նուէրները։ Հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Տիար Պիլ Սաաթճեան շնորհակալութեան ու գանահատանքի խօսք ուղղեց զոյգ միաւորներուն, ինչպէս նաեւ գնահատանք արձանագրեց հոգեւոր հովիւին, իր անձնդիր ծառայութիւններուն համար։

Հայր Տաճատ ուղղեց իր խօսքը, ապա ներկայացուց Ֆրեզնոյի Բժիշկներու ընկերակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մարդասիրական ծառայութեանց համար։

Հոգաբարձութիւնը այս տարի եւս գնահատանքի արժանացուց եկեղեցւոյ բազմամեայ ծառայութիւն մատուցած ծխականներ։ Յուշանուէրներու արժանացան Օր. Սրբուհի Մսըրլեան, Տիկին Լիւսիլ Գահուէճեան եւ Տիար Եդուարդ Մկրտիչեան։ Յուշանուէր մը յանձնուեցաւ նաեւ Բժիշկներու ընկերացութեան, որուն գործունէութեան մասին տեսաերիզով ներկայացում մը կատարեց Տիար Ալէն Էկմալեան։

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը. ան շնորհաւորեց համայնքի զաւակները եւ գնահատեց Հայր Տաճատը՝ իր նուիրեալ ծառայութեան համար։ Ան շեշտեց հոգեւոր հովիւին հետ գործակցութեան կարեւորութիւնը, «որ պիտի ամրապնդէ յարաբերութիւնները եւ պիտի նպաստէ յաջողութեան», գնահատանք արձանագրեց նաեւ եկեղեցւոյ կամաւոր ծառայողներուն, շնորհաւորեց պատիւի արժանացողները եւ Բժիշկներու ընկերակցութիւնը՝ անոր ծառայութեան համար։

Տօնախմբութիւնը աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։

Նշենք, որ Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. Վարչութեան անդամներ Շաբաթ, 17 Նոյեմբերի երեկոյեան, հանդիպում ունեցան հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան հետ, խորհրդակցելու համար անմիջական ծրագիրներու, աշխատանքի ընթացքին ու զայն աւելի եւս բարելաւելու միջոցներուն մասին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022