Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սկաուտական »Ս. Մեսրոպ Մաշտոց« Շքանշանի Դասընթացքը Սկսաւ


Շաբաթ, 7 Նոյեմբեր 2015ին, սկիզբ առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն յատուկ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանի այս տարուան դասընթացքը, որուն ընթացքին, սկաուտներուն եւ արենոյշներուն հիմնական ու կարեւոր գիտելիքներ կը տրուին մեր եկեղեցւոյ պատմութեան ու դաւանանքի, ինչպէս նաեւ ազգի պատմութեան հանգրուանային իրադարձութիւններուն մասին: Դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտողները Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանին՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ձեռամբ կ’արժանանան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին:

Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ յարկին տակ, «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճին մէջ. դասախօսն էր Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան: Ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը, սկաուտական պատասխանատուներ. դասընթացքին կը հետեւին 25 սկաուտներ եւ արենոյշներ:

Տէր Հօր դասախօսութիւնը լայնածիր էր. ան ներկայացուց մեր եկեղեցւոյ ծագումը, բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ կառոյցին, ներքին բաժանումներուն հոգեւորականներու հանդերձանքին, եկեղեցւոյ մէջ նիստ ու կացի պատշաճութիւններուն մասին, միաժամանակ պատասխանելով մասնակիցներուն հարցումներուն: Աւարտին, փոխանցուած տեղեկութիւններուն մասին սկաուտները անցան քննութենէ, ապա, հանդիպումը վերջ գտաւ հաւաքական ճաշով:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022