Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Վեթերան Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 18 Յուլիս 2017-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը խումբ մը վեթերան Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու, որոնք եկած էին զինք շնորհաւորելու քահանայական ձեռնադրութեան 40-րդ տարեդարձին եւ Թեմիս մէջ իբրեւ Առաջնորդ աւելի քան 20 տարիներու ծառայութեան առիթով։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր բազմավաստակ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական եղբայր Զաքար Չօրպաճեան, իսկ անդամներն էին նախկին հռչակաւոր ֆութպոլիստներ՝ եղբայրներ Խաչիկ, Վրէժ, Սագօ, Գէորգ եւ Յովհաննէս։ Հանդիպումին ներկայ եղան Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան։

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց հիւր Հ.Մ.Ը.Մ.-ականները եւ գնահատանքով խօսեցաւ անոնց վաստակին մասին, որ կերտուած է մարզական, սկաուտական, վարչական եւ այլ կալուածներու մէջ։

Հիւրերուն անունով խօսք առաւ եղբայր Զաքար Չօրպաճեան. ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ընդունելութեան առիթին համար, դրուատիքով արտայայտուեցաւ ժրաջան, բանիմաց եւ տեսլականի տէր առաջնորդ մը ըլլալու անոր արժանիքներուն մասին, եւ հպարտութեան առիթ նկատեց այն իրագործումները, զորս Առաջնորդ Սրբազանը կատարած է մեր Թեմին աւելի քան 20 տարիներու իր ծառայութեամբ։ Ան յիշեցուց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը անցեալ տարի իր բարձրագոյն պատուանշանով պատուեց Առաջնորդ Սրբազանը, եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ ծառայութիւնները եւս շարունակուին նոյն փայլուն ընթացքով։

Հիւր ներկայացուցիչները յուշանուէր մը բերած էին Առաջնորդ Սրբազանին, որ յուշատախտակ մըն էր որուն վրայ շնորհաւորանքի արտայայտութիւններ եւ բարի մաղթանքներ արձանագրուած էին։

Հանդիպումը այնուհետեւ շարունակուեցաւ մտերմիկ զրոյցով։ Վեթերան մարզիկները յուշեր պատմեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պէյրութի ներկայացուցչական խումբին, Լիբանանի հաւաքականին եւ Պուրճ Համուտի կազմին հետ իրենց արձանագրած նուաճումներուն մասին, որոնք արձանագրուած են Պէյրութի, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ եւ մինչեւ իսկ Քորէայի մէջ։ Անոնք խօսեցան այն կենսունակութեամբ ու խանդավառութեամբ, զոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ներշնչած է իրենց եւ որուն շնորհիւ, հայութեան դրօշը բարձր պահած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շապիկով, իրենց ոճով ծառայած են մեր Դատին։ Յիշատակուեցաւ նաեւ այն, որ վեթերանները մինչեւ այսօր ալ կը մնան մարզադաշտի վրայ, կը հետեւին փորձերու, նաեւ կարելիին սահմաններուն մէջ կը կատարեն բարեսիրական նուիրաբերումներ, ի շարս որոնց՝ նպաստ Սուրիոյ հայութեան ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղի նոր կեդրոնին մէջ սենեակի մը հովանաւորումը՝ ի պատիւ հռչակաւոր ֆութպոլիստ Աբօ Նենէճեանի (Պզտիկ Աբօ)։

Հրաժեշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին յուշանուէրներով պատուեց հիւրերը, անգամ մը եւս գնահատելով մարմնամարզի ճամբով հայութեան անոնց ծառայութիւններն ու վաստակը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022