Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան Ազգային Առաջնորդարան Այցելեց


Լոս Անճելըս իր այցելութեան առիթով, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ ժողովականութեան ներկայացուցիչներու կողմէ։ Ներկայ էին Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան, ՀՕՄ-ի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչները։ Հիւր Պատրիարքին կ՚ընկերանային Երուսաղէմի Ս. Յակոբ Վանքի միաբանութենէն Հոգշ. Տ. Պարէտ Վրդ. Երէցեան եւ գաւազանակիր Տ. Նորայր Վրդ. Գազազեան։

Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը Չորեքշաբթի օր, Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի եւ Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանի ընկերակցութեամբ այցելած էր Պատրիարք Սրբազանին, անոր իջեւանած պանդոկին մէջ, ու բարի գալուստ եւ բարի կեցութիւն մաղթած էր անոր։

Ազգ. Առաջնորդարան ժամանումին, «Ուրախ Լեր» շարականին երգեցողութեամբ, Պատրիարքն ու ընկերակիցները հոգեւորականաց դասու թափօրով առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական Աղօթք։ Այնուհետեւ, հիւրերն ու հիւրընկալները բարձրացան «Սիւլահեան» դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպումը։

Առաջնորդ Սրբազանը եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան ողջունեցին հիւր Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ անգամ մը եւս շնորհաւորեցին Երուսաղէմի պատմական աթոռին Պատրիարք անոր ընտրութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը յանուն մեր Թեմին եւ կազմակերպութեանց, ողջունեց Պատրիարք Սրբազան Հօր այցելութիւնը, նշելով, որ կամքէ անկախ պատճառներով, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը չկարողացաւ մասնակցիլ այս հանդիպումին, սակայն բարի գալուտի ողջոյն կը փոխանցէ։ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ այս այցելութիւնը մեծ ցնծութեան առիթ է ու պատմական պահ մը կը բնորոշէ։ Ան քաջառողջութիւն եւ իր առաքելութեան մէջ բարի երթ մաղթեց հիւր Պատրիարքին։ Տիկին Ռ. Պօղոսեան, իր կարգին, այս այցելութիւնը նկատեց հպարտութեան առիթ եւ իր կարգին, բարի մաղթանքներ կատարեց Պատրիարք Հօր։

Նկատի ունենալով, որ Պատրիարք Սրբազանը առաջին անգամ ըլլալով է որ Ազգային Առաջնորդարան կ՚այցելէր, Առաջնորդ Սրբազանն ու ներկայացուցիչները ընդհանուր տեղեկութիւններ տուին Առաջնորդարանիս հոգեւոր ու կրթական ծառայութիւններուն մասին, որոնք կը տարածուին Քալիֆորնիոյ ու շրջակայ նահանգներուն մէջ։

Ամենապատիւ Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթութեանց եւ ջերմ ընդունելութեան համար, նշելով, որ պատրիարքութեան գահը բարձրանալէն ետք, առաջին այցելութիւնը կու տայ Միացեալ Նահանգներ, նաեւ առաջին անգամ կ՚այցելէ Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանը։ Ան ապա հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ Երուսաղէմի ու ընդհանրապէս Իսրայէլի, Յորդանանի ու Պաղեստինի հայկական գաղութներուն մասին, որոնց պատրիարքութիւնը կը մատուցէ հոգեւոր ծառայութիւն։

Ողջոյնի պաշտօնական խօսքերու փոխանակումէն ետք, հանդիպումը վերածուեցաւ զրոյցի եւ ներկաներուն հարցադրումներուն լուսաբանական պատասխաններու պահի մը։ Պատրիարք Սրբազանը տեղեկութիւններ փոխանցեց Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան պատմական անցեալին մասին, նշելով, որ քրիստոնէութեան կանուխ դարերէն սկսեալ, Երուսաղէմի մէջ ու Սուրբ Վայրերուն վրայ հաստատուած են հայկական բազմաթիւ վանքեր, աւելի ուշ դարերու, հայ թագաւորներ ու իշխաններ աւելցուցած են եկեղեցիներու թիւն ու նպաստած են անոնց զարգացման։ Երուսաղէմի ու Բեթլեհէմի մէջ հայկական ներկայութիւնը ունի երկար պատմութիւն, Ս. Յակոբ Վանքը իր տրամադրութեան տակ ունի կալուածներ, որոնք կը հոգան Ս. Աթոռին կարիքները։ Վանքի շրջափակին մէջ, Ցեղասպանութենէն ետք, բնակութիւն հաստատած են բազմաթիւ փրկուած ընտանիքներ, որոնք ժառանգորդները մինչեւ օրս հոն կը բնակին անվճար։ Շրջանին մէջ կը գործեն Հ.Մ.Ը.Մ.ը, Քաղաքացիներու Միութիւնն ու Հ.Ե.Մ.ը։ Ուսումնարաններն են «Թարգմանչաց» վարժարանը, որ ունի իր պատուաբեր պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ Ժառանգաւորացը, որ միաբաններ կը պատրաստէ։ Պատրիարքութեան միաբանութիւնը կը հաշուէ աւելի քան 35 միաբան, որոնցմէ աւելի քան տասնեակ մը հոգեւորականներ կը ծառայեն տարբեր գաղութներու մէջ։

Այն հարցումին, թէ արդեօք պատրիարքութիւնը որեւէ ձեւով օգտակար կը դառնա՞յ Սուրիոյ տագնապահար հայութեան, Ամենապատիւ Պատրիարք Հայրը բացատրեց, թէ աջակցութեան տրամադրութիւն կայ, օրինակ, աշակերտ ընդունելու ճամբով, սակայն շրջանի քաղաքական ծանօթ պայմաններուն բերումով, նման քայլ իրագործելի չէ։ Ան այս առիթով անդրադարձաւ նաեւ պատրիարքութեան հոգածութեան ենթակայ հայութեան հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն, երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, գաղութի նօսրացման ու անոր պատճառներուն։

Հանդիպումի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը Պատրիարք Հօր յանձնեց Ազգային Առաջնորդարանի մատուռը խորհրդանշող յուշանուէրը։ Ապա, զայն առաջնորդեց Առաջնորդարանի տարբեր բաժանմունքները՝ գրասենեակներ, գրատուն, «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ եւ Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած բաժինը։ Պատմական հանդիպումը աւարտեցաւ յիշատակի խմբանկարով մը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022