Լիբանանի Ամերիկեան Հիմնարկի Նախագահը Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Ամերիկեան Հիմնարկի տնօրէն խորհուրդի նախագահ՝ Տիար Ժոզէֆ Քարաքիին, որ անձամբ եկած էր հրաւիրելու Առաջնորդ Սրբազանը Լոս Անճելըսի մէջ կայանալիք «House of Lebanon» մշակութային կեդրոնի բացման արարողութեան։

Հանդիպումը առիթ ընծայեց քննարկելու Լոս Անճելըսի հայ եւ լիբանանցի համայնքերու երկարամեայ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Առաջնորդարանի եւ Հիմնարկի միջեւ սերտ կապերը։

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Տիար Քարաքիին հրաւէրին եւ այս սիրալիր հանդիպումին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց Հիմնարկի յետագայ ծրագիրներուն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022