Լոս Անճելըս Գաւառի Վերահսկիչներու Խորհուրդը Ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

Պահպանելով տարիներու իր աւանդութիւնը, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը Երեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն, իր շաբաթական նիստին ընթացքին յատուկ արարողութեամբ մը ոգեկոչեց յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր սրբադասեալ նահատակներուն։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ներկայ եղաւ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանի եւ Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանի։ Հանդիպումին խորագիրն էր «1915էն 1923-ի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումի օր»։ Ներկայ էին Հայաստանի հիւպատոսարանի ու հայկական յարանուանութեանց հոգեւոր ներկայացուցիչներ, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սիոնանեան եւ անդամներ ու Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ։

Հայր Միւռոն ընթերցեց վերահսկիչ Քէթրին Պարկըրի ու պաշտօնակիցներուն ուղղուած Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը, որուն մէջ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն կը յայտնէր այս խորհուրդին սկզբունքային կեցուածքին ու հետեւողական զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ Ապրիլը Հայոց պատմութեան ամիս հռչակելուն համար։ Ան կը նշէր, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, աշխարհը ականատես եղած է ցեղասպանական բազմաթիւ արարքներու, որոնք կը շարունակուին նաեւ այսօր, շեշտելով, որ նման արարքներուն իրազեկութիւնը եւ ճանաչումը կարեւոր քայլ են նման վայրագութիւններու կրկնութիւնը կանխարգիլելու ճամբուն վրայ։ «Այս է պատճառը որ, եւ անկախ անկէ, թէ որքան ժամանակ անցած է Ցեղասպանութենէն ի վեր, մենք պիտի շարունակենք մեր իրաւունքներուն ճանաչման եւ կենսագործման պայքարը, մեր կողքին ունենալով ձեզի պէս զօրակիցներ, նաեւ ճանաչում ապահովելու նման արարքներու զոհերուն նկատմամբ»։ Ան իր խօսքը կ’եզրափակէր օրհնելով ժողովականները եւ յաջողութիւն մաղթելով անոնց առաքելութեան։

Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժին։ Աւարտին, հայ ներկայացուցիչներուն յանձնուեցան հռչակագիրներ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022