Լոս Անճելըսի Board of Supervisorsը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակը


Լոս Անճելըս գաւառի Վերակացուներու Խորհուրդին՝ Board of Supervisors-ի անդամ Քաթրին Պարկըրի հրաւէրով, Երեքշաբթի, 18 Ապրիլ 2017ին, խորհուրդի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, որուն ներկայ եղան եկեղեցական ու համայնքային ներկայացուցիչներ: Այս ժողովը ամէն տարի մեծ յարգանքով կը խոնարհի 1915էն 1923 տարիներուն տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին առջեւ: Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, սոյն յուշահանդէսին ներկայ գտնուեցան Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան:

Յայտագիրը սկսաւ վերակացու Քաթըրին Պարկըրի ողջոյնի խօսքով։ Խօսք առաւՀայաստանի գլխաւոր հիւպատոսի տեղակալ Տիար Վալերի Մկրտումեան, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս նախաձեռնութեան մասին եւ գոհունակութիւն յայտնեց Ցեղասպանութեան ճանաչման օղակին ընդարձակման համար:

Հայր Թորգոմ ընթերցեց Պարկըրի ու խորհուրդի անդամներուն ուղղուած Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը, ուր ան շնորհակալութիւն կը յայտնէր, որ ամէն տարի, Մայքըլ Անթոնովիչի պաշտօնավարութեան օրերէն սկսեալ, հետեւողականօրէն Խորհուրդը կ’ոգեկոչէ յիշատակը հայութեան 1.5 միլիոն նահատակներուն եւ կը զօրակցի մեր դատին: Ան նշած էր, որ այս տարի եւս, հայութիւնը Ապրիլ ամսուան ընթացքին, աշխարհի տարածքին հրապարակային արտայայտութիւններով պիտի յիշէ եւ յիշեցնէ իր անցեալի ու նորագոյն կորուստները եւ արդար պահաջները: «102 տարիներ անցած են եւ մենք տակաւին աննահանջ վճռակամութեամբ կը շարունակենք մեր արդար պահանջներուն հետապնդումը, որպէսզի արդարութիւն ըլլայ մեր նահատակներուն, մեր հողերը վերադարձուին ու նիւթական կորուստներուն դիմաց հատուցում կատարուի հայութեան, որովհետեւ միայն արդարութիւնը եւ ոչ թէ ժամանակը կրնայ դարման բերել մեր խոր վէրքերուն. ու մենք վճռած ենք երթը շարունակել միացեալ ճիգերով եւ միաձայնութեամբ», ընդգծած էր Առաջնորդ Սրբազանը, յաջողութիւն մաղթելով այս մարմինին ծառայական աշխատանքներուն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022