Աւագ Հինգշաբթիի Հոգեպարար Արարողութիւնները


Աւագ Հինգշաբթին յիշատակումի օրն է մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին դէպքերուն, որոնք իբրեւ անջնջելի պատգամ պէտք է արձանագրուին հաւատացեալներու կեանքին մէջ եւ որոնք մեր եկեղեցւոյ ամէնէն հոգեպարար արարողութիւններն են։

13 Ապրիլ 2017ի առաւօտուն, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատումը մարմնաւորող Ս. Պատարագ, ի յիշատակ աշակերտներուն հետ Յիսուսի Վերջին Ընթրիքին։

ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Յետմիջօրէին, կատարուեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւնը, որ կը յիշատակէ Վերջին Ընթրիքի պահուն աշակերտներուն ոտքերը լուալու Քրիստոսի բազմախորհուրդ արարքը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Մանուկներու եւ դպիրներու ոտքերու լուացումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ հակիրճ կերպով խօսեցաւ աշակերտներուն հետ Յիսուսի ունեցած վերջին ընթրիքի պահը յաւերժացնող դէպքին մասին, յիշելով, որ մեր Տէրը այդ պահուն գիտակից էր, թէ իր չարչարանքներուն պահը մօտեցած է, սակայն նաեւ մօտ է փառաւորուելու՝ մահուան վրայ յաղթանակի պահը։ Ան ընթրիքի պահուն, իբրեւ աշակերտներուն հանդէպ սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն՝ խոնարհեցաւ ու լուաց անոնց ոտքերը, այսպէսով բոլորին տալով ծառայասիրութեան գործնական պատգամ մը։ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ այդ պատգամը այժմէական է քրիստոնեայ հաւատացեալին համար, հրաւէր է մեր նմաններուն հետ յարաբերելու սիրով, խոնարհութեամբ եւ ծառայութեան ոգիով։ Ան կոչ ուղղեց չտարուելու առօրեայի հեւքով եւ մտահան չընելու Յիսուսի ցոյց տուած օրինակը, որպէսզի դոյզն դէպքեր վիրաւորանք չպատճառեն մեզի, այլ լեցուելու սիրով ու ծառայելու անխառն հոգիով։

ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐ
Երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Խաւարման Գիշերի արարողութիւնը, որ կը յիշատակէ Յիսուսի մատնութիւնը, ձերբակալումը, դատավարութիւնն ու չարչարանքները: Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը: Արարողութեան ընթացքին, շարականներու երգեցողութեամբ եւ աւետարանական իրերայաջորդ հատուածներու ընթերցման պահուն, յաջորդաբար մարեցան աշակերտները խորհրդանշող մոմերը, վառ պահելով միայն մէկ մոմ, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի անմար լոյսը:

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ մեղաւոր մարդուն մեղքերու քաւութեան համար, Յիսուս Աստուծոյ հնազանդելու գերագոյն օրինակը տուաւ, յանձն առնելով չարչարուիլ, մեղաւոր չըլլալով հանդերձ՝ ապրիլ մեղաւորներու շարքին, իբրեւ մարդ՝ կրել խաչի մահուան տառապանքը։ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ տեղի ունեցած դէպքերը եւս մեզի կը հաղորդեն բազմաթիւ պատգամներ. Յիսուս իր աղօթքի պահուն իբրեւ մարդ արտայայտուեցաւ ցաւով, մինչեւ իսկ պահ մը տարակուսանք ապրեցաւ. այդ գիշեր, արձանագրուեցաւ նաեւ Յուդայի դաւաճանական արարքը, սակայն Յիսուս այս բոլորը կրեց հնազանդելով Աստուծոյ կամքին եւ ըսելով. «Քու կամքդ թող ըլլայ»: Գերագոյն զոհաբերութեամբ, Ան մեզի հանդէպ իր սէրը արտայայտեց եւ մեղքերէ ազատագրումը երաշխաւորեց։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022