Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտները Եղան Առաջնորդ Սրբազանին Տօնական Օրերը Շնորհաւորող Առաջին Խումբը


Ազգային Առաջնորդարանը Հինգշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2015ի առաւօտուն զգեցաւ սովորականէն տարբեր շունչ, երբ Մոնթեպելլոյի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի նախակրթարանի եւ երկրորդականի բաժիններէն շուրջ 40 աշակերտներ այցի եկան «Ազգի Տուն»ը եւ արժանացան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հիւրընկալութեան ու օրհնութեան: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան:

Աշակերտներուն կ’ընկերանային վարժարանի տնօրէնը՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեան եւ խումբ մը դաստիարակներ: Անոնք նախ առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր ունեցան աղօթքի պահ մը, ապա, անցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր ներկայացուցին գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը եւ լսեցին Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը:

Ողջոյնի խօսք արտասանեց վարժարանի ուսուցչուհիներէն Տիկին Մարինա Չերչեան, որ ըսաւ թէ եկած են շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազանին նոր տարին եւ Ս. Ծննդեան տօնը եւ ներկայացնելու տօնական մթնոլորտը արտացոլացնող յայտագիր մը:

Գեղարուեստական յայտագիրը կազմուած էր երգերով, ասմունքներով եւ հայկական պարերով: Հանդիսավարութիւնը կատարեց Օր. Զեփիւռ Օհաննէսեան: Հայաստանի Քայլերգէն ետք, աշակերտները ներկայացուցին Ս. Ծննդեան տօնի շարականներ՝ «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի», «Այսօր Տօն է Ս. Ծննդեան», ինչպէս նաեւ տօնական երգեր, Կաղանդ Պապուկին նուիրուած եւ այլ արտասանութիւններ ու հայկական երկու պարեր: Աշակերտները իրենք պատրաստած էին պարերու տարազները…

Սրտի խօսք արտասանեց վարժարանին Տնօրէնը. ան յայտնեց, որ վարժարանը յաճախ կը վայելէ Առաջնորդ Սրբազանին այցելութիւնները, սակայն այս անգամ որոշած են իրենք գալ Առաջնորդարան, տօնական օրերուն առիթով շնորհաւորել Առաջնորդ Սրբազանն ու անձնակազմի անդամները, ներկայացնել վարժարանի յարկին տակ իրենց ստացած հայկական ու համամարդկային ուսմանց պատկերներ: Ան ըսաւ, որ աշակերտներուն կողմէ ունի անակնկալ մը՝ Առաջնորդ Սրբազանին նուիրել աշակերտի մը կողմէ պատրաստուած հայկական մանրանկարչական գեղանկար մը:

Յայտագիրի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը. ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ աշակերտներուն ներկայացուցած յայտագիրին մասին, շեշտելով, որ անիկա կրկնակի ուրախութեան առիթ է, նախ՝ որովհետեւ յայտագիրը կը բերէր տօնական օրերու հայկական բուրմունքը, ապա նաեւ՝ աշակերտները եղան յառաջիկայ տօները առաջին շնորհաւորողները: Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այս վարժարանը կը կրէ մեր մեծ ուսուցիչին՝ Ս. Մեսրոպի անունը, հետեւաբար, մաղթեց, որ աշակերները հոգեպէս ու մտովին աճին մեծ սուրբին ոգիով ու ժառանգութիւններով: Ան գնահատեց Տնօրէնին ու դաստիարակներուն ծառայութիւնները, որոշ բացատրութիւններ տուաւ Ազգ. Առաջնորդարանի գործունէութեան մասին, ապա անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդին, նշելով, որ մարդուն հանդէպ Աստուծոյ սէրը արտայայտուած է Յիսուս Մանուկին աշխարհ առաքելութեամբ ու իբրեւ մարդ ծնունդով, որ կը մարմնաւորէ խաղաղութեան, սիրոյ, եղբայրասիրութեան եւ հաճութեան խոստումները: Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց աշակերտները, որ շնորհակալ ըլլան Աստուծոյ՝ Իր պարգեւներուն ու շնորհքներուն համար, եւ օրհնեց բոլորը, մաղթելով ուրախ տօնական օրեր:

Հանդիպումը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով, ապա բոլորը միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա«ն:

Հաւաքական խմբանկարէ մը ետք, աշակերտները վայելեցին կոկիկ հիւրասիրութիւն մը եւ ծանօթացան Առաջնորդարանի գրատան եւ բաժանմունքներուն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022