Տօն Անուանակոչութեան Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ

Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցին Շաբաթ, 30 Մարտ 2019-ին նշեց Ս. Քառասնից Մանկանց տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ։

Այս առիթով, Կիրակի, 31 Մարտին, Մեծ Պահոց հինգերորդ՝ Դատաւորի Կիրակիին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, մատաղի օրհնութիւն կատարեց եւ իր պատգամը ուղղեց Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան։

«Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ։» Օրուան Աւետարանի Ղուկասու 18րդ գլուխէն քաղուած այս բառերով Առաջնորդ Սրբազանը իր հոգեւոր պատգամը սկսաւ յիշելով անիրաւ դատաւորին առակը, որ թէեւ ան Աստուծմէ չէր վախնար եւ մարդոցմէ չէր ամչնար, սակայն այրի կնոջ դատը տեսաւ, որպէսզի ան այլեւս զինք չանհանհագստացնէ։ Երբ մեզ սիրող Աստուած տեսնէ իր ընտրեալներուն կրած անիրաւութիւնը անշուշտ, որ պիտի պաշտպանէ ըսաւ ան, յիշեցնելով որ Յիսուս կը թելադրէ, որ միշտ աղօթենք առանց ձանձրանալու եւ վստահինք մեր աղօթքի զօրութեան։

«Մեծ պահքը, սիրելի հաւատացեալներ, այն հոգեւոր ճանապարհորդութիւնն է, ուր մեր հոգիները, մեր ամբողջ էութիւնը Աստուծոյ կը մօտեցնէ, անո՛ր ապաւինելու եւ պաշտպանութիւնը խնդրելու, ի՛նչ ալ ըլլան մեր առօրեայ դժուարութիւնները, անպայման վստահելու, որ Աստուած պաշտպանութեան կու գայ մեզի, կը պահպանէ եթէ ոչ այս երկրի վրայ, ապա յաւիտենական կեանքին մէջ, երբ իրեն հաւատալով մենք զմեզ կը յանձնենք իրեն» ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը։

«Երէկ մեր եկեղեցին նշեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնը: Այն քառասուն հաւատաւոր զինուորներուն, որոնք իրենց երկրաւոր կեանքի օրերուն իրենց քաջագործութեամբ մեծ վստահութիւն եւ վարկ շահած էին, միաժամանակ իրենց երկնաւոր թագաւորին վստահութիւնը շահելու ետեւէ էին, սակայն հալածանքի ենթարկուեցան։ Օրինակը կը յիշեցնէ, որ մեր կեանքի տեւողութեան դժուարութիւններ եւ փորձութիւններ պիտի ըլլան, մեր պաշտպան սուրբերու բարեխօսութեան ապաւինելով խնդրենք, որ Աստուած մեզի շնորհէ մաքուր սիրտ եւ տոկուն պահէ մեր անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքերուն մէջ։ Պէտք է ամուր ըլլանք մեր բարոյական սրբութիւններուն մէջ եւ երբ տէրը իբր արդար դատաւոր գայ մեզ դատելու,մեզմէ իւրաքանչիւրին էութեան մէջ տեսնէ այդ հաւատքը եւ մեզ վարձատրէ ըսելով. «եկէ՛ք օրհնեալներս, ժառանգեցէ՛ք ձեզի համար պատրաստուած արքայութիւնը երկինքի մէջ։ Այնպէս աղօթենք, որ Տէրը մեզ ալ արժանի ընէ երկնաւոր պսակին, որուն արժանի եղան քառասուն մանուկները», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Հոգեհանգիստի պահուն, աղօթք բարձրացուեցաւ եկեղեցւոյ, սրահի եւ վարժարանի հին ու նոր բարերարներուն հոգիներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ բոլոր նուիրեալ սպասարկուներուն եւ բարերարներուն հոգիներու խաղաղութեան համար։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահ, ուր կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։ Այս տարուան մատաղի բարերարներն էին Տէր եւ Տիկին Լեւոն եւ Զարուհի Ղուկասեան, ի յիշատակ իրենց ծնողաց՝ Հայկ եւ Վարդուհի Ղուկասեանի եւ Մանուէլ եւ Վերոնիքա Քէօլեանի։ Տէր եւ Տիկին Վաղարշ եւ Զուարթ Քէօլեան եւ այլ նուիրատուներ կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։ Ապա, տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան։ Ճաշի պահուն արտասանուեցան շնորհակալական եւ գնահատանքի խօսքեր: Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ կրկին շնորհաւորեց ծխական համայնքը, մաղթելով, որ Քառասուն Մանկանց օրինակին նման տոկուն մնան իրենց հաւատքին մէջ եւ գոհունակութեամբ յիշեց, որ նախորդ օրը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ կատարուած էր Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վերաօծումը, որ արտացոլացումն է հայ ժողովուրդին ունեցած հաւատքի զօրութեան եւ փորձութիւններու դիմագրաւման, Քառասուն Մանուկներուն օրինակին նման։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022