Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ, Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն եւ Մատաղօրհնէք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Կիրակի, 16 Սեպտեմբեր 2018-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին նշեց Խաչվերացի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին։

Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պատարագեց, սարկաւագական ձեռնադրութիւն կատարեց, իր պատգամը փոխանցեց եւ ռեհանի ու մատաղի օրհնութիւն կատարեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։ Արարողութիւններուն մասնակցեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամները, շրջանի Հ.Յ.Դ. «Դրօ» կոմիտէութեան ու ուղեկից միութեանց ներկայացուցիչներ եւ Ազգ. Մեսրոպեան երկրորդ. վարժարանի տնօրէն Տիար Դաւիթ Ղուկասեան, որ նաեւ սպասարկեց Ս. Սեղանին։ Ներկաներուն շարքին էին Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչներն ու աշակերտները։

Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը սարկաւագութեան կարգ շնորհեց Տաճարի դպրապետ Նորայր Դերձակեանին. խարտաւիլակն էր Հայր Միւռոն։

Իր պատգամին սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին ողջունեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի ու միութենական ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, գոհունակութիւն յայտնելով, որ մեր եկեղեցւոյ տաղաւարներէն վերջինը՝ Ս. Խաչի վերացման տօնը բոլորը համախմբած է տաճարին կամարներուն տակ։ Ան շնորհաւորանքի եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց ձեռնադրեալ սարկաւագին, նշելով, որ անոր ծանօթ է Դպրեվանքի օրերէն եւ անոր ծառայութիւնները այսօր զինք արժանի դարձուցած են այս պատիւին։ Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ Նորայր Սարկաւագ իր առաքելութիւնը շարունակէ նոյն հաւատքով ու նուիրումով, ու յորդորեց զայն եւ բոլոր սարկաւագները՝ հետեւելու Ստեփանոս նախասարկաւագի նուիրաբերումի օրինակին։

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, որ այս տօնը մեր եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ դպրոցներու պաշտօնական վերամուտի օրն է, ողջունեց եւ օրհնեց Թեմիս ու Տաճարի Կիրակնօրեայի ուսուցիչներն ու աշակերտները եւ մաղթեց, որ նոր տարին ըլլայ մեր եկեղեցւոյ ազգային աւանդներով հարստացումի նոր շրջան մը։

Այնուհետեւ, պատարագիչ Սրբազանը կանգ առաւ օրուան տօնին խորհուրդին վրայ։ Յիշեցնելով, որ այս տօնին կը յիշատակենք Քրիստոսի խաչափայտին գերութենէ դարձին ու Հայաստանէն անցնելով՝ Երուսաղէմ տարուելուն ու բարձրացումին յիշատակը։ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Խաչը Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան, բայց մանաւանդ սիրոյ, նուիրաբերումի, գերագոյն զոհաբերութեան ու Աստուծոյ կամքին ենթարկուելու խորհրդանիշ մըն է, այս իմաստով բազմաթիւ խորհուրդներ կը մարմնաւորէ։ Քրիստոսի կեանքը խաչի ճանապարհորդութիւն մը եղաւ, ան խաչը ուսը առած բարձրացաւ Գողգոթա, իսկ ազատագրեալ խաչին բարձրացումը խորհրդանիշ մըն է այն պատգամին, որ քրիստոնեայ հաւատացեալը հրաւիրուած է հետեւելու նոյն ուղիին, ըլլալով անձնազոհ, Աստուծոյ պատգամներուն հետեւորդ, մէկ խօսքով՝ մեր խաչը կրելով հետեւելու Իր օրինակին։ Ան յորդոր ուղղեց հաւատացեալներուն՝ վերանորոգուելու այս տօնին խորհուրդներով, միաժամանակ վերանորոգելով ընտանեկան ու հաւաքական կեանքերը։ Խաչը բոլորիս ուղեցոյց է ու ապաւէն, երբ ենթակայ կ’ըլլանք կեանքի մոլորեցնող ազդեցութիւններուն, մեզի կը պատգամէ ներողամտութեամբ եւ սիրով վերաբերելու իրարու հետ, եւ այս ոգիով ծառայելու մեր եկեղեցւոյ, դպրոցին, ազգին ու հայրենիքին։ Ան անգամ մը եւս շնորհաւորեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Խաչի առաջնորդութիւնը ընծայէ բոլոր հաւատացեալներուն։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ ռեհանի օրհնութիւն։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը թափօրով ուղղուեցաւ «Բաղրամեան» սրահ, ուր կատարեց մատաղի օրհնութիւն։ Աւարտին, ներկաները երգեցին «Կիլիկիա»ն եւ «Մեր Հայրենիք»ը։

Արարողութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ հաւաքական սիրոյ ճաշ, հիւրընկալութեամբ Տաճարի Տիկնանց Միութեան։ Յանուն հոգաբարձութեան, բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տիար Պերճ Պապիկեան։ Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչուհին՝ Տիկին Ծովիկ Քէլլէեան բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ ներկաներուն, յայտնելով, որ կիրակնօրեայի եւ պատանեացի անդամներ պիտի ներկայացնեն Ս. Խաչի տօնին յատուկ յայտագիր մը։

Ճաշի պահուն, Կիրակնօրեայ վարժարանի եւ պատանեաց խմբակէն պատանիներ ելոյթ ունեցան եւ Խաչվերացի տօնին խորհուրդը ներկայացուցին հարցումներով եւ լուսանկարներու ցուցադրութեամբ։

Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ հաւատացեալներուն, որոնք ներկայ գտնուած են տօնակատարութեան եւ մատաղօրհնէքին։

Առաջնորդ Սրբազան արտասանեց փակման խօսքը եւ տուաւ իր հայրական օրհնութիւնները։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022