Շուրջ 1.4 Միլիոն Տոլար Հանգանակուեցաւ Լիբանանահայութեան Վերականգնումին Ի Նպաստ Թելեթոնին

Կիրակի, 30 Օգոստոսի 2020-ի երեկոյեան, Լիբանանահայութեան օժանդակութան համար Համահայկական Խորհուրդի կազմակերպած եռաժամ եւ «Մէկ Ազգ, Մէկ Ապագայ» նշանաբանով մեկնարկուած «HyeAid» Թելեթոնը, գագաթնակէտը եղաւ այս նպատակով նախաձեռնուած հանգանակային զանազան ծրագիրներու, որ պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ։

Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ուղղած ոգեշնչող պատգամով եւ երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Առաջնորդներ Բարձրշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հովիւ Վեր. Պերճ Ճամպազեանի աղօթքներով եւ կոչերով ընթացք առած թեթեթոնը, իր բովանդակութեամբ եւ պարունակով գլեց անցաւ կազմակերպիչ Խորհուրդի ակնկալութիւնները, իբրեւ երաշխիք միակամ ու հաւաքական աշխատանքով իրագործուած բացառիկ յաջողութեան։

Թելեթոնի ընթացքին ելոյթ ունեցան Հայաստանի հանրապետութեան հիւպատոս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ միութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն ականաւոր դէմքեր ու ազգային գործիչներ։ Մէջընդմէջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը եւս, աշակերտական, երգչախմբային եւ արուեստագէտներու ներկայացումներով։

Թելեթոնի գլխաւոր անակնկալը հանդիսացաւ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր յայտարարած 250.000 տոլարի իշխանական նուիրատուութիւնը, որ իբրեւ գործնական արտայայտութիւն Լիբանանահայութեան վերականգնումի զօրակցութեան յատկացուած էր մեր Թեմին մշտապէս նեցուկ կանգնող բարեսիրական հիմնարկութեան մը կողմէ։ Ընդառաջելով հիմնարկութեան փափաքին, յայտարարութիւնը կատարուեցաւ «անանուն նուիրատուութիւն» յիշատակումով։

Թելեթոնի աւարտին, այլ անակնկալ մըն էր Ազգային բարերար եւ Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեանի, իր ազնիւ տիկնոջ Սօսէի եւ ընտանիքին կողմէ 150.000 տոլարի իշխանական նուիրատուութիւնը, որ կու գար աւելնալու ամոլի աւանդական նուիրատուութեանց վրայ։ Տիար Էշկիեան յանուն իր ընտանիքին, իբրեւ Լիբանանահայի ու սրտցաւ հայու անձնապէս յայտարարեց Էշկիեան ընտանիքի նուիրատուութիւնը՝ սրտաբուխ ու գեղեցիկ խօսքերով։

Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ կերպով գնահատանք արձանագրեց ու երախագիտութիւն յայտնեց իւրաքանչիւր մասնակիցի, եւ հանգանակուած շուրջ 1.4 միլիոն տոլարի գումարը նկատեց արդիւնք՝ խորհուրդի անդամ կազմակերպութեանց ու մեր ազգակիցներու միահամուռ, անվերապահ ու անմնացորդ մասնակցութեամբ արտայայտուած մեր հաւաքական ուժին՝ իբրեւ ցուցանիշ «Մէկ Ազգ, Մէկ Ապագայ» տեսլականին։ Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ կերպով գնահատեց նաեւ մեր ծխական շրջաններու հոգեւոր հովիւներն ու հոգաբարձութեան կազմերը, որոնք նկատառելի յատկացումներ ապահովեցին հանգանակութեան։

Նուիրատուութեանց մէջ իշխանական ներդրում ունեցան Թեմիս մնայուն բարերարներէն Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփէթճեան ամոլը՝ 100,000, Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը 30,000 եւ Ֆերմանեան ընտանիքը 25,000 տոլարի գումարներով, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական եւ Թեմիս Ազգային Վարչութեան անդամներ ու մեծաթիւ նուիրատուներ՝ շօշափելի մեծ գումարներով։

Յայտնենք նաեւ, որ Ազգ. Առաջնորդարանը՝ հաւատարիմ իր անցեալի բարի աւանդութեան, այս առիթով եւս յատկանշական գումարով իր բաժինը աւելցուց թելեթոնի հանգանակութեանց գումարին։

Վարձքը կատա՛ր բոլոր կազմակերպիչներուն, մասնակիցներուն եւ հանդիսավարներուն եւ շնորհաւորութիւն՝ համեմատաբար կարճ ժամանակամիջոցի մէջ նման նախաձեռնութիւն յաջողութեամբ պսակուելուն համար։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022