Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ազգ. Առաջնորդարանը Հրատարակեց Ժագ Ս. Յակոբեանի »Փախչիլ Զկայ, Հա՜…« Հատորը


Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած հրատարակութիւններու ծիրին մէջ, Ազգային Առաջնորդարանը այս շաբաթ լոյս ընծայեց վաստակաշատ բանաստեղծ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի նորագոյն աշխատասիրութիւնը, որ կը կրէ “Փախչիլ Չկայ, Հա՜…” խորագիրը:

140 էջերու վրայ տարածուող հատորը կը բովանդակէ բանաստեղծին հոգեւոր խորհրդածութիւններէն եւ վերլուծումներէն 20 արձակ գրութիւն. ունի ներքին երկու բաժանում. մեկնելով աւետարանական հատուածներէ կամ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին նման շարականագիրի մը մտածումներէն, Ժագ Ս. Յակոբեան ներկայ աշխարհին կողմէ մարդուն դիմաց բարձրացող մարտահրաւէրները լուսարձակի տակ կ’առնէ եւ ուղեցոյց պատասխաններ կը բանաձեւէ՝ հիմնուած Աստուածաշունչի ուսուցումներուն վրայ: Գիրքին խորագիրը մարմնաւորող առաջին գրութեան մէջ, ան կը վերլուծէ յանցագործ մարդուն հոգեվիճակը, յանգելու համար այն ճշմարտութեան, որ մարդը չի կրնար խուսափիլ աստուածային հաշուետուութենէ, որքան ալ փորձէ խոյս տալ անկէ, հետեւաբար, կը հրաւիրէ յանցագործը ետդարձ կատարելու եւ զղջումով քաւելու իր յանցանքը:

Հատորին յառաջաբանը գրած է Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ վեր առնելէ ետք գրողին բանաստեղծի ու մտաւորականի յատկանիշները, կ’աւելցնէ. “Ժագ Ս. Յակոբեան մարդը, բանաստեղծն ու մտաւորականը իւրայատուկ եւ ինքնատիպ երեւոյթ է ո՛չ միայն հայկական Սփիւռքի, այլ նաեւ ողջ հայութեան վերջին մէկ դարու մշակութային կեանքին մէջ: Հայ Գիրին իր նուիրումի առաջին իսկ օրերէն, անոր գրիչը համերաշխ զուգորդութիւն մը ստեղծած է իր անձնական ապրումներուն եւ ազգային զգացումներուն միջեւ, միաժամանակ հարստանալով Երկնաւոր Հօր պատուէրներուն ընդառաջ երթալու ստուար արտայայտութիւններով: Անոր էջերը եղած են ու կը մնան, իր իսկ բառերով՝ Հայատրոփ եւ Յիսուսաբոյր, պահած են ջինջ հայերէնին հաւատարմութիւնն ու անոր ուռճացման առաքեալը ըլլալու ուղին: Այս հատորը նորագոյն վկայութիւնն է բանաստեղծին բազմերանգ յատկանիշներուն, մանաւանդ Աստուծոյ դատաստանին հա՛յօրէն ու քրիստոնէավայել կերպով վստահելու անոր առաքինութեան, այն պահուն, երբ հայութիւնը կը նշէ Ցեղասպանութեան 100ամեակը”:

Արդարեւ, հատորին բացման իր խօսքը՝ Ժագ Ս. Յակոբեան խորագրած է. “Թուրքին Փախչիլ Չկայ Հա…”: Հոն, բանաստեղծ-մտաւորականը կ’անդրադառնայ Թուրքին ոճրային մտայղացումներուն եւ պահանջատէր հայու կամքով կը հաստատէ, թէ Հայ ժողովուրդը 100 տարի ետք ալ հաւատարիմ կը մնայ իր ազգային աւանդներուն եւ արդար պահանջներուն. “Հայ ժողովուրդի դարաւոր թշնամիին փախչիլ չկա՛յ աստուածային անխուսափելի արդարութենէն, որ ո՛րչափ ալ ուշանայ՝ անխուսափելի է ամէն առաւօտ ծագող արեգակին պէս: Փախչիլ չկայ անոր, որովհետեւ մինչեւ այսօր տակաւին կը հոսի ապրիլեան նահատակներուն արիւնը, որ սակայն այլեւս կարմիր չէ, այլ սեւ է, քանի որ այս արիւնը փոխուած է սեւ մելանի: Հարիւր տարիներէ ի վեր, քիչ մատեաններ չեն լեցուած այդ սեւ արիւնով, որ ո՛չ պիտի ցամքի, ոչ ալ դադրի հոսելէ, մինչեւ որ ան՝ դահիճը՝ հարկադրաբար ծռէ իր յոխորտ ու յամառ պարանոցը երկնային արդարութեան առջեւ…”:

Գիրքը ստանալու համար կարելի է դիմել Ազգային Առաջնորդարան (818-248-7737, books@westernprelacy.org):

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022