Հիւսիսային Ամերիկայի Երեք Առաջնորդներու Առցանց Հանդիպում

Ուրբաթ, 5 Մարտ 2021-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու Առաջնորդները՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Ս. Արք. Դանիէլեան (Արեւելեան Թեմ), Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան (Գանատայի Թեմ) եւ Գերշ.
buy zydena online blackmenheal.org/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/zydena.html no prescription

Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան (Արեւմտեան Թեմ) առցանց հանդիպում մը ունեցան, որուն ընթացքին խորհրդակցեցան՝ եկեղեցական, կրօնական, երեք գաղութները յուզող անմիջական ու հասարակաց հարցերու, կրթական ու հոգեմտաւոր աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ հայութեան դիմագրաւած ընդհանրական մարտահրաւէրներու մասին:

Անուշաւան եւ Բաբգէն արքեպիսկոպոսները առաջին հերթին շնորհաւորեցին Թորգոմ Եպիսկոպոսը, Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմի Առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ բարի երթ մաղթեցին անոր առաքելութեան:

Այնուհետեւ, օրակարգի նիւթ դարձան պսակաձեւ ժահրի յարուցած խնդիրներն ու եկեղեցական-ծիսական արարողութեանց պատշաճեցումները՝ նկատի ունենալով իւրաքանչիւր շրջանի կարիքներն ու պետական կանխարգիլման դրոյթները:

Անդրադառնալով Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին առիթով երկու տարին անգամ մը կատարուելիք Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերու հոգեւորականաց միացեալ համագումարին, որ այս տարի տեղի պիտի ունենար Նիւ Եորքի մէջ, Առաջնորդ Սրբազանները յարմար նկատեցին տարիով մը յետաձգել համագումարը:

Ժողովի ընթացքին որոշուեցաւ իւրաքանչիւր ամիս կրկնել առցանց հանդիպումները, որոնք պիտի ծառայեն արդիւնաւոր գործի կարգաւորման, ինչպէս նաեւ փորձառութեանց փոխանակման ու հոգեւոր կեանքի վերաշխուժացման ի նպաստ աւելի արդիւնաւոր միջոցներ որոնելու նպատակին:

Երեք առաջնորդները որոշեցին, որ յառաջիկայ ամիսներուն՝ ամենապատեհ առիթին, հանդիպում մը կայացուի թեմերէն մէկուն մէջ, համադրական աշխատանքներ մշակելու եւ հասարակաց ծրագիրներու շուրջ քննարկումներ կատարելու համար, ի խնդիր մեր Եկեղեցւոյ ու թեմերու աւելի եւս պայծառացման:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022