Դպրաց Ձեռնադրութիւն եւ Սրբապատկերներու Օծում Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2019-ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ դպրաց ձեռնադրութիւն եւ սրբապատկերներու օծում։ Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։

Ներկայ էին եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլը, սրբապատկերներու բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Ճօ եւ Հուրիկ Պաղտատլեան, Տիար Սամուէլ Ալեքսանեան, եկեղեցւոյ բարերարներ եւ հաւատացեալներ։

Ս. Պատարագի ընթացքին, քարոզէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ թափօրով առաջնորդուեցաւ Ս. Խորան։ Սրբապատկերներու օծման աղօթքէն ետք, «Ամէն Ալէլուիա»ի երգեցողութեամբ եւ Ս. Միւռոնով հերթաբար օծեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Ս. Սարգիս Զօրավարի սրբապատկերները։

Սրբապատկներու օծումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց դպրաց ձեռնադրութիւն։ Դպրութեան կարգ ստացան եկեղեցւոյ 8 նուիրեալ ծառայողներ .- Սարգիս Օհանեան, Լեւոն Շանթ Աբրահամեան, Դաւիթ Տէր Կարապետեան, Սերժ Պերթիզլեան, Կարապետ Կէրի Գիզիրեան, Գառնիկ Տէրտէրան, Մանուկ Մելէլեան եւ Կարօ Փօլատեան։

Ձեռնադրութիւնը կատարուեցաւ աղօթքներու կատարումով, սաղմոսներու փոխասացութեամբ, շարականներու երգեցողութեամբ եւ դպրութեան չորս աստիճաններու տուչութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազանը նախ նուիրեալներուն մազերը խաչաձեւ կտրեց եւ ապա շնորհեց Հայ Եկեղեցւոյ խոնարհ կարգերու չորս աստիճանները՝ դռնապանութիւն, ընթերցողութիւն, երդմնեցուցչութիւն եւ ջահընկալութիւն։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը, որու բնաբանը քաղուած էր Ղուկասու Աւետարանի 10.2 համարէն. «Հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ քիչ. հետեւաբար խնդրեցէք հունձքի Տիրոջմէն, որ իր հունձքին համար մշակներ պատրաստէ եւ ղրկէ»։ Ան նաեւ մէջբերեց Թերեզա Աւիլայի խօսքը. «Յիսուս այս աշխարհի վրայ մարմին չունի, բայց քու մարմինդ ունի։ Ձեռքեր չունի, բայց ձեռքերդ ունի։ Ոտքեր չունի, սակայն քու ոտքերդ ունի։ Դուն այս աշխարհի վրայ իր աչքերը պէտք է ըլլաս, որոնց ընդմէջէն Տիրոջ ողորմութիւնը իր արտայայտութիւնը պէտք է գտնէ…»։

Անդրադառնալով սրբապատկերներու սուրբերու կեանքին, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Սարգիս Զօրավար այս աշխարհի վրայ դարձան Քրիստոսի մարմինը, ոտքերը, ձեռքերն ու աչքերը եւ ապա մաղթեց, որ սուրբերու օրինակին հետեւելով՝ մեր հաւատքի ճանապարհի ուղեւորութիւնը ճշդենք եւ մեր ծառայութեան ընդմէջէն Աստուծոյ ներկայութիւնը արտայայտենք։ Այս առթիւ, ան գնահատեց եւ օրհնեց սրբապատկերներու բարերարները։

Խօսելով ձեռնադրութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը բացատրեց դպրութեան չորս աստիճաններու նշանակութիւնը. նախ մազերու խաչաձեւ կտրելը կը խորհրդանշէ երկրաւոր կեանքի ցանկութիւններէն հեռու մնալ եւ զԱստուած փառաբանել ծառայութեան կեանքին միջոցաւ. Դռնապանութեան կարգը բանալիի խորհրդաշնութեամբ շնորհուեցաւ նուիրեալներուն, որպէսզի անոնք «Պատրաստ ըլլան եկողներուն առջեւ միշտ բանալու եկեղեցին». Ընթերցողութեան իշխանութիւն տրուեցաւ, որպէսզի իմաստութեամբ կարդան առաքելական թուղթերը եւ ուղղամտութեամբ կատարեն իրենց ծառայութիւնը. երրորդ պաշտօնը խորհրդանշող կարգը, Երդմնեցուցչութիւնն է, որու միջոցաւ կը թելադրուի «Հրաժարիմք»ը սորվիլ՝ հրաժարելու համար Սատանայէն եւ իր բոլոր տեսակի խաբէութիւններէն եւ ուղիղ հաւատքով ծառայելու Եկեղեցւոյ մէջ։ Ջահընկալութիւն, մոմի աշտանակի մը խորհրդանշութեամբ, որով ծառաներուն «իշխանութիւն կը տրուի սուրբ եկեղեցւոյ ջահերն ու կանթեղները վառելու»։

Ան օրհնեց ու գնահատեց նորոգ ձեռնադրեալ դպիրները եւ յորդորեց, որ հետեւողականութեամբ ու պատասխանատուութեամբ շարունակեն իրենց ծառայութիւնները եւ աւելի բարձր պաշտօններու արժանանան։ Նաեւ կոչ ուղղեց ծնողներուն խրախուսելու իրենց զաւակները՝ եկեղեցւոյ մէջ ծառայելու համար։ Ապա մաղթեց, որ Տէրը մշակներ պարգեւէ Իր եկեղեցւոյ համար, որովհետեւ «Հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ քիչ» (Ղկ. 10.2)։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ նախորդ օրը Քրիստոսի 72 աշակերտներուն տօնն էր։ «12 առաքեալները եւ 72 աշակերտները ընտրուած էին Աստուծոյ խօսքը եւ երկնքի արքայութեան աւետիսը տարածելու։ Ծառայութիւնը անոնց միակ առաքելութիւնն էր։ Այսօ՛ր եւս, մեր ժողովուրդը Աստուծոյ խօսքին եւ եկեղեցւոյ նուիրուած սպասաւորներու կարիքը ունի։ Սակայն մեր ժողովուրդը նաեւ կոչուած է գործօն մասնակցութիւն բերելու՝ ի խնդիր Հայ Եկեղեցւոյ բարգաւաճման ու պայծառացման։ Թող այս արարողութիւնները առիթ հանդիսանան մեր հաւատքը վերանորոգելու եւ Տիրոջ անդաստանէն ներս ծառայելու», շեշտեց ան։

Եզրափակելով, ան շնորհաւորեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Հոգաբարձութիւնը, Երեսփոխանական կազմը, Տիկնանց Միութիւնը, դպրաց դասն ու դպրապետը՝ իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեան համար։

Եկեղեցական հոգեպարար արարողութեանց աւարտին, «Անտոն Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022