«Մեր Նահատակները Մեկնեցան, Որպէսզի Մենք Մնանք» Ըսաւ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ընկերակցութեամբ քահանայ հայրերու անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Լոս Անճելըսի Հայաստանի Հիւպատոսարանի առջեւ համախմբուած հայորդիներուն։

Շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր Հիւպատոսարանին առջեւ զետեղուած մեր հերոս նահատակներու պատկերներուն դիմաց հայորդիք կու գային իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու, խունկ ծխելու եւ իրենց աղօթքը բարձրացնելու առ Աստուած։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ հոգեւորականները այս այցելութեամբ կու գային ներկայ ժողովուրդին աղօթակից եւ զօրակից ըլլալու։

Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն մեր քաջարի նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար, որմէ ետք երգուեցաւ «Տէր ողորմեա»ն եւ «Մեր հայրենիք»ը։ Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Թորգոմ Սրբազանը ըսաւ. «Մեր նահատակները մեկնեցան, որպէսզի մենք մնանք։ Անոնք շատ աւելի մեծ են քան մենք բոլորս։ Պատիւ մեր ժողովուրդին, որ միշտ յարգած է եւ կը շարունակէ բարձրագոյնս մեծարել յիշատակը բոլոր այն անմահներուն, որոնք դէպի երկինք մեկնեցան մեզի համար»։

Ներկայ հայորդիները մէ՛կ դարձած եւ «յաղթելու ենք» կարգախօսով գօտեպնդուած, անգամ մը եւս իրենց ուխտը վերանորոգեցին տէր կանգնելու իրենց Սրբութիւն Սրբոց հայրենիքին ու ամէն գնով զօրակցելու հայոց արիասիրտ բանակին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022