Ծաղկազարդի Տօնը՝ Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 14 Ապրիլ 2019-ին, Թեմիս եկեղեցիները զարդարուած էին ձիթենիի եւ արմաւենիի դալար ճիւղերով եւ ողողուած բազմահարիւր հաւատացեալներով ու մանուկներով, որոնք եկած էին տօնելու Ծաղկազարդը՝ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը։ Ծաղկազարդը նշուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագով եւ մանուկներու թափօրով, իսկ աւարտին կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ իր պատգամը ուղղեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Հաւատացեալներուն կողքին արարողութեան ներկայ եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Լիբանանի Ազգ.
buy orlistat online www.parkviewortho.com/wp-content/languages/new/prescription/orlistat.html no prescription

Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ՝ Տիար Գառնիկ Մկրտիչեան։

Առաջնորդ Սրբազանը տօնի խանդավառ մթնոլորտի զգացումներով զեղուն իր պատգամը սկսաւ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը կանխող Ղազարոսի Յարութեան եւ կոյրերու բժշկութեան, եւ այլ հրաշքներու թուումով, որոնք գագաթնակէտին հասցուցին բազմութեան ցնծութեամբ զինք դիմաւորումը իր յաղթական մուտքով։ Անոնք իրենց հանդերձները գետին տարածեցին եւ ձիթենիի ու արմաւենիի ճիւղերը ճօճելով, փրկութեան աղաղակով գոչեցին «Օրհնութի՜ն Դաւիթի Որդիին, օրհնեալ է ան՝ որ կուգայ Տիրոջ անունով։ Օրհնութիւ՜ն Բարձրեալին»։ Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ սակայն այս անգամ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը տարբեր պարագաներու տակ էր եւ յատուկ պատգամ ունէր, որովհետեւ ժամանակը հասած էր, որ ինքզինք յայտնէր որպէս խոստացուած Մեսիան եւ Աստուծոյ Գառնուկը։ Այդ օրը, Յիսուսի դիմաւորողներուն մէջ կային երեք խումբի պատկանող մարդիկ. Անոնք, որոնք իր խօսքը լսեցին եւ հետեւեցան իրեն, ուրիշներ, որոնք իր խօսքը խանդավառութեամբ լսեցին սակային չի հետեւեցան, իսկ ոմանք, որոնք առաջին վայրկեանէն մերժեցին իր խօսքը ու պատգամը մտիկ ընել, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, հարց տալով թէ մենք ո՞ր խումբին կը պատկանինք։

«Ծաղկազարդի տօնը մեզ կը հրաւիրէ, որ փառաբանենք մեր Տէրը, զինք ընդունելով մեր ներաշխարհին մէջ, իբրեւ մեր Տէրն ու Փրկիչը։ Մեր ժողովուրդը դարեր առաջ ըմբռնեց այս խորհուրդը եւ Տէրը ընդունեց իբրեւ Փրկիչը մեր կեանքին։ Այսօր, ո՞ւր ենք մենք, մեր նախնեաց հաւատքին հետ յարաբերաբար։ Այս խորհուրդը կը հրաւիրէ մեզ բոլորս հոգւով ու սրտով, պարկեշտութեամբ, սրտի մաքրութեամբ, խնդութեամբ ու խաղաղութեամբ Տէրը փառաբանելու եւ զայն ընդունելու իբրեւ մեր Փրկիչն ու Մեսիան։

Երկրորդ՝ այս տօնը հրաւէր կու տայ մեզի, որ միայն մեր ֆիզիքական աչքերով չտեսնենք Տիրոջ յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, այլ մեր հոգեւոր աչքերով մեր սրտերը բանանք եւ տեսնենք թէ ինչպէս մուտք կը գործէ մեր սեփական Երուսաղէմին՝, մեր սրտերէն ներս զանոնք մաքրելու համար։ Տէրը մուտք կը գործէ մեր սեփական Երուսաղէմէն ներս երբ իր կամքը կը գերադասենք մեր սեփական կամքէն։ Այսօր, աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ մարդոց եւ իշխանութիւններու կողմէ կամքեր կը պարտադրուին այս կամ այն շահերէ առաջնորդուած, փոխանակ Աստուծոյ սիրոյ, խաղաղութեան ու արդարութեան կամքը իշխելու։ Պահն է այսօր, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը հրաւիրէ Տէրը իր սեփական Երուսաղէմին մէջ, որպէսզի մուտք գործէ նաեւ մեր հաւաքական կեանքէն ներս, մեր եկեղեցական ու ազգային Երուսաղէմէն ներս։

Ի վերջոյ՝ Յիսուս իր Երուսաղէմ յաղթական մուտքով, այսօր մեզ կը հրաւիրէ, իր օրինակով եւ գիտակից յանձնառութեամբ ծառայութեան եւ զոհողութեան պատրաստ ըլլանք, որովհետեւ Յիսուս այն թագաւորը չէր, որ Հռոմէական բանակներու զինուորներ պիտի սպաննէր, այլ այն թագաւորը՝ որ մահը իր մահուամբ պիտի զգետնէր։ Ան իբրեւ իշխող զինուորական չմտաւ Երուսաղէմ, այլ՝ տառապող ծառայ մը, որ մեր փրկութեան աւետիսը պիտի բերէր իր խաչին եւ թափուր գերեզմանին միջոցաւ», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ապա, ան հրաւիրեց հաւատացեալները, որ Աւագ Շաբթուան արարողութիւններուն հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ հետեւին, որպէսզի յաղթական հոգիով դիմաւորեն Ս. Յարութեան տօնը։

Ս. Պատարագի աւարտին, շրջապատուած մանուկներով մոմեր ի ձեռին, Առաջնորդ Սրբազանը գլխաւորեց աւանդական թափօրը, որուն մաս կազմեցին սարկաւագներ, դպիրներ, Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներ ու դպրաց դասի անդամներ, օրհնեց մանուկները, ծնողներն ու հաւատացեալները։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց Դռնբացէքի արարողութիւնը, խնդրելով Տիրոջմէն, որ մեր առջեւ բանայ ողորմութեան դռները։ Վարագոյրի բացման կնքահայրն էր փոքրիկն Սեւակ Մանուկեան, որդին Նիկոլ եւ Տոքթ. Լին Մանուկեաններուն։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց կնքահայրն ու բոլոր մանուկները, եւ յորդորեց բոլոր ծնողներն ու մեծ ծնողները, որ զանոնք առաջնորդեն հաւատքի ճամբով, որպէսզի Աստուծոյ խօսքը արմատաւորուի անոնց մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ, ինչպէս Առակաց գիրքին մէջ կը կարդանք, որ իմաստութեան եւ գիտութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022