Կիրակի, 14 Ապրիլ 2019-ին, Ս. Յարութեան տօնէն շաբաթ մը առաջ, Քրիստոնեայ աշխարհը տօնեց Ծաղկազարդը, իբրեւ խորհրդանիշ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրսիտոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին։
Այդ առաւօտուն, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիները ծաղկազարդուած ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերով, ողողուած էին բազմահարիւր հաւատացեալներով ու մանուկներով, յիշատակելու Ծաղկազարդը, որ նշուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագով եւ տօնը խորհրդանշող թափօրով, որուն մասնակցեցան մոմեր բռնած մանուկները։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց ու քարոզեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ Քրիստոսի աշխարհ առաքելութեան վերջին օրերուն տեղի ունեցած՝ Երուսաղէմ յաղթական մուտքին խորհրդանշական կարեւորութեան վրայ, կոչ ուղղելով, իբրեւ քիրստոնեաներու պատրաստ ըլլալ դիմաւորելու մեր Փրկիչը եւ մեր հոգիներուն մէջ ընդունելու Քրիստոսը։.
Ապա, շրջապատուած մանուկներով Առաջնորդ Սրբազանը գլխաւորեց աւանդական թափօրը, օրհնեց մանուկները, ծնողներն ու հաւատացեալները։ (մանրամասնութիւնները՝ հետագային)։