ՓԱՍԱՏԻՆԱ

Ս. Սարգիս Հայց. Առաք. Եկեղեցի

Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, Հոգեւոր Հովիւ

58 South Sierra Madre Blvd.
Pasadena, CA 91107

Telephone: (626) 793-2909
Fax: (626) 793-2980
E-mail: stsarkis@sbcglobal.net

1985 թուականին, Փասատինայի հայ գաղութը կը նախաձեռնէ հիմնելու իր եկեղեցին, Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեան ներքոյ: Սոյն ծրագրին մարմին տալով, նորակազմ հոգաբարձութիւնը նոր նշանակեալ հոգեւոր հովիւին՝ Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Անդրէասեանի հետ կը վարձէ Allen թաղի վրայ գտնուող Լուտերական եկեղեցին, ուր Ս. Պատարագ ու արարողութիւններ կը կատարուին յաջորդ աւելի քան 17 տարիներուն, ժամանակաշրջան մը, որ Փասատինայի մեր գաղութին համար եղաւ սեփական եկեղեցի մը ունենալու երազի հետապնդման ու մանաւանդ պատրաստական աշխատանքներու ժամանակաշրջան մը։Երազը իրականութիւն դարձաւ 2003 թուականին, երբ ապահովուեցաւ 58 Sierra Madre-ի կալուածը, որ եկեղեցւոյ վերածուելու յարմարութեամբ օժտուած կառոյց մըն էր։ Եկեղեցին կոչուեցաւ Ս. Սարգիս Հայց. Առաքելական եկեղեցի։ 2005ի Հոկտեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Հովուապետական այցելութեան առիթով կատարեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ օծումը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022