Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարանի 48-րդ Տարեդարձը

Ազգային «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» Վարժարանը Ուրբաթ, 9 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Վերթիկօ» սրահին մէջ տօնեց հիմնադրութեան 48-րդ տարեդարձը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ տօնակատարութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ներկայ էին Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Անդրանիկ Գասպարեան, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի եւ վարժարանի Ուսումնական Մարմինի անդամներ, բարերարներ եւ վարժարանի բարեկամներ։ Պաշտօնական հիւրերու շարքին էր դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Էտըմ Շիֆ։

Հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիար Րաֆֆի Համբարեան։ Ողջոյնի ու սրտի խօսքեր արտասանեցին տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Ալինէ Դուրեան, խորհրդարանական Շիֆ, եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով՝ Տիկ. Շողէր Չորպաճեան։ Ցուցադրոեցաւ վարժարանին պատմութիւնը ամփոփող վաւերագրական ժապաւէն մը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ կանգ առաւ օրուան նշանախօսքին վրայ. «Առաջնորդել միասնաբար»։ Ան նկատել տուաւ, որ վարժարանի բարեկամներուն ու բարերարներուն միացեալ ճիգերուն շնորհիւ, այս ուսումնարանը արձանագրած է նուաճումներ, իսկ տնօրէնութեան ու անձնակազմին աշխատանքը վարժարանը հասցուցած է նոր բարձունքներու։ Ակնարկելով այն խօսքին, թէ «կրթութիւնը գեղեցկացումն է մեր ներքին եւ արտաքին աշխարհին», Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով խօսեցաւ վարժարանին ընտանիքին ճիգերուն մասին, որոնց շնորհիւ մեր աշակերտներուն ու երիտասարդութեան միտքը, սիրտն ու հոգին կը գեղեցկանայ, ու այդ ճամբով, կ’ունենանք մարդկային գեղեցիկ ընկերութիւն մը ու ազգ մը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022