Հայաստան Իրենց Ուխտագնացութեան Նախօրեակին Ազգ. Փիլիպոս Վարժարանի 11-րդ Կարգի Աշակերտները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Հայաստան իրենց ուխտագնացութեան նախօրեակին, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս երկրորդական վարժարանի 11-րդ կարգի աշակերտները Երեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2019-ին Ազգ. Առաջնորդարան այցելեցին եւ վերանորոգեցին մեր հաւատքին ու ազգային արժէքներուն հաւատարմութեան ուխտը։

Աշակերտները իրենց հայոց լեզուի դասատուներուն հետ առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռը, ուր ընդունուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ Արժ. Տ. Մովսէս քհնյ. Շաննագեան։ Անոնք միասնաբար երգեցին «Հայր Մեր»ն ու «Առաւօտ Լուսոյ»ն։

Աղօթքէն ետք, աշակերտները ուղղուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր ներկայացուցին խօսք, երգ, պար, անհատական եւ հայոց լեզուին նուիրուած խմբային ասմունքներ։

Հանդիսավարը իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Հայաստան այցելութեան նախօրեակին, եկած են Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը ստանալու, խոստանալով հաւատարիմ մնալ մեր ինքնութեան եւ ազգային արժէքներուն։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը մէջբերում ըրաւ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ո՜վ հայ խօսէ՛ Հայերէն» բանաստեղծութենէն, յորդորելով որ աշակերտները երբե՛ք իրենց մայրենի լեզուն չմոռնան եւ Հայաստանի մէջ իրարու հետ միա՛յն հայերէն խօսին եւ վերադարձին տարածեն մեր լեզուն եւ մշակոյթը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր «ողջո՜յն»ով բացատրեց որ Յիսուս իր Յարութենէն ետք «ողջոյն»ով բարեւեց աշակերտները իր սէրն ու խաղաղութիւնը տալով անոնց, նոյնպէս մենք ալ յարուցեալ ազգի մը զաւակներն ենք եւ «Յաւերժի ճամբորդներ»։ Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ աշակերտները դարձեալ կը գտնուին Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ, գնահատելով զիրենք եւ իրենց ուսուցիչները, ու յորդորական մօտեցումով խօսեցաւ աշակերտներուն Հայաստան ուխտագնացութան մասին, նշելով, որ անոնք հայրենի հողին վրայ հաղորդակից պիտի ըլլան մեր դարաւոր ժառանգութեան, պատմութեան ու մշակոյթին, մաղթելով որ Օշական, Սարդարապատ եւ Խոր Վիրապ ու պատմական այլ վայրեր այցելութեան պահուն, աշակերտները իրենց ուխտը վերանորոգեն եւ հայութեամբ հզօրացած ու հարստացած վերադառնան։ Ան բարի ճանապարհ մաղթեց 11-րդ կարգի ուխտաւորներուն։

Հանդիպումը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով եւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով։ Աշակերտները ստացան Ժագ Ս. Յակոբեանի «Միայն Մէկ Գիր» գիրքէն օրինակներ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022