Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 23-րդ Տարեդարձին Առիթով

Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 23-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 1 Յուլիս 2018-ին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հայրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ ու աղօթք բարձրացուեցաւ՝ Ն. Ս. Օծութեան առողջութեան ու ընդերկար գահակալութեան համար։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, Հայրապետական Մաղթանքի արարողութեան եւ այս առիթով տուաւ իր պատգամը։ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պատարագեց եւ Հայրապետական Մաղթանքի արարողութիւնը կատարեց եւ քարոզեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։

Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց հոգեւոր հովիւը՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան։ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը լուսարձակի տակ առաւ Վեհափառ Հայրապետի անձնդիր ու նուիրեալ ծառայութիւնը մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, 50 տարիներ առաջ կուսակրօն քահանայութեան ձեռնադրութեան եւ օծման օրէն սկսեալ, ապա՝ կեդրոնացաւ Վեհափառի գահակալութեան 23 տարիներուն վրայ, որոնց ընթացքին բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ իբրեւ տեսլական ունեցող, հզօր, յանդուգն ղեկավար, մտաւորական, դաստիարակ եւ Հայ Դատի դրօշակիր՝ առաջնորդեց մեր Ս. Աթոռը։ Ան նշեց, որ Վեհափառ Հայրապետը Ս. Աթոռոյս պատմութեան մէջ արդէն իսկ ձգած է մնայուն ժառանգութիւն մը, նմանապէս՝ միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ, եղած է ու կը մնայ յարգարժան դէմք մը ո՛չ միայն Հայ Եկեղեցւոյ, այլ նաեւ միջազգային համայնքի կեանքին մէջ։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ օրուան Աւետարանի ընթերցումէն բխող խորհուրդին վրայ. Մատթէոսի աւետարանի 14 գլուխի 13-21 համարները կը պատմեն Յիսուսի կողմէ 5.000ի կերակրումի հրաշքը։ Ան շեշտեց, որ այս հրաշքը կը փոխանցէ երեք պատգամ. առաջին՝ մարդկութեան հանդէպ Քրիստոսի անհուն սէրն ու ողորմածութիւնը, երկրորդ՝ մեր մտահոգութիւնները պէտք է յանձնենք Աստուծոյ եւ հնազանդինք իր նախախնամութեան, որովհետեւ Տէրը կը հոգայ մեր բոլոր պէտքերն ու կարիքները եւ անկարելին իսկ կարելի կը դարձնէ, եւ երրորդ, իբրեւ Աստուծոյ զաւակները՝ պէտք է հոգածու ըլլանք մեզի նմաններուն հանդէպ, ինչպէս որ Յիսուս իր աշակերտներուն յանձնարարեց հոգալ 5.000 հոգիի կերակրումը։ «Թող օրուան Աւետարանի ընթերցումէն բխող պատգամն ու Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան տարեդարձը ուղեցոյց ըլլան մեզի, որպէսզի վերանորոգենք Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը, մեր Ս. Աթոռին հանդէպ հաւատարմութիւնը, նաեւ Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ ու մեզի նմաններուն ծառայելու յանձնառութիւնը», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Հայրապետական Մաղթանքին բառերով՝ Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց խնդրելով. «Օրհնէ՛, Հայր Ամենակալ, Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կեանքին օրերը, եւ զօրացուր զինք հոգիով ու մարմնով, որպէսզի բոլորիս կողմէ փառաւորուած մնայ, քու անունիդ պատիւին համար եւ իբրեւ պարծանք Ս. Աթոռիս»։ Ապա մաղթեց որ Աստուած օրհնէ ու զօրացնէ մեր հայրենիքը, խաղաղութեամբ առաջնորդէ մեր Եկեղեցին, հովանի ըլլայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին ու մեր միաբանութեան, թեմերուն, եկեղեցիներուն, հոգեւորականաց դասերուն ու հաւատացեալներուն, մեզ բոլորս պահելով Ս. Խաչի պահպանութեան տակ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022