Ազգ. Առաջնորդարանի Բարերարուհի Տիկին Անահիտ Պաղտատլեան Օհաննէսեան Պարգեւատրուեցաւ «Կիլիկեան Ասպետ»-ի Շքանշանով

Արեւմտեան մեր Թեմի պատմութիւնը հարուստ է իր իրագործումներով եւ նուիրեալ ու ծառայասէր ազգայիններով, որոնք իրենց նիւթաբարոյական ներդրումով մեծապէս կը նպաստեն ու կը զօրակցին Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան եւ մեր շրջանի հաւաքական կեանքին։

Այս հոյլին մէջ յիշատակելի են հանգուցեալ Կայծակ Օհաննէսեանի եւ իր տիկնոջ Անահիտ Պաղտատլեան-Օհաննէսեանի անունները։

Հինգշաբթի, 15 Օգոստոսի 2019-ի երեկոյեան, նախաձեռնութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը, ի պատիւ Տիկին Անահիտ Օհաննէսեանի։

Երեկոյին մասնակից եղան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Վահէ Եագուպեանն ու Կայծակ Զէյթլեանը, Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան, Հոգեւորականաց դասու, Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեծարեալի ընտանեկան պարագաներն ու հարազատները, որոնց շարքին ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան, անցեալի Ազգ. Վարչութեանց, ՌաՖՖի Հայրենակցական Միութեան անդամներ եւ հիւրեր։

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ աղօթքով։ Բացման ու բարի գալստեան խօսք արտասանեց Տիկին Քնար Գորթոշեան, որ նաեւ վարեց երեկոն։ Յանուն Ազգ. Վարչութեան սրտի խօսք փոխանցեց ատենապետ՝ Տիար Կարօ Էշկիեան, որ գնահատելով Տիկին Անահիտը, նշեց թէ ան իր ընտանիքի վաստակին կարեւոր մէկ բաժինը իրեն վերապահելու փոխարէն, նախընտրած էր նուիրաբերել եկեղեցաշէն ու ազգային նպատակներու, ապա առողջութիւն մաղթեց Տիկին Անահիտին եւ վստահութիւն յայտնեց, որ այս պարգեւատրումը առիթ պիտի հանդիսանայ, որ ան վերանորոգէ իր յանձնառութիւնն ու զօրակցութեան ուխտը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը ուղղելէ ետք կատարեց պարգեւատրումը։ Ողջունելով Տիկին Անահիտն ու անոր դուստրը Սիլվին, եւ բոլոր ներկաները, վեր առաւ ու գնահատեց Օհաննէսեան ամոլին զօրակցութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանին։ Ապա աղօթք բարձրացուց հանգուցեալ Կայծակի հոգիի խաղաղութեան համար եւ օրհնեց անոր յիշատակը. նաեւ երախտագիտութեամբ յիշեց Տիկին Անահիտին հանգուցեալ եղբայրը՝ համբաւաւոր երգիչ Փօլ Պաղտատլեանը։

Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ ընդառաջելով Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոչին, Օհաննէսեան ամոլը, օրին, հանդիսացած էր Սիսի կաթողիկոսական կալուածներու դատին ի նպաստ մեր Թեմի առաջին նուիրաբերողը, գործնապէս քաջալեր հանդիսանալով մեր եկեղեցապատկան ու ազգային կալուածներուն եւ իրաւունքներուն վերատիրացման։ Այնուհետեւ, ընտանիքը շարունակ նուիրատուութիւններ կատարած է Ազգ. Առաջնորդարանին, երկու անգամ հիւրընկալած է Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ընթրիքը ու զօրակցած է զանազան նախաձեռնութիւններու, ինչպէս նաեւ Թեմիս եկեղեցիներուն, Թռչնոց Բոյնին եւ գաղութի այլ կազմակերպութիւններու։ Նշենք, որ առ ի գնահատանք իրենց եկեղեցանուէր նկարագիրին ու առատաձեռն նուիրատուութիւններուն, Կայծակ եւ Անահիտ Օհաննէսեաններ, Մայիս 2015-ին, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր արժանացած են մեր Թեմի բարձրագոյն պատիւին՝ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» շքանշաններուն։

Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութեամբ յայտարարեց, որ Վեհափառ Հայրապետը, գնահատելով Օհաննէսեան ամոլի բարերարութիւնները, ինչպէս նաեւ հիմնուելով իր ու իրերայաջորդ Ազգ. Վարչութիւններու խնդրանքին վրայ, «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշան կը շնորհէ Տիկին Օհաննէսեանին։ Նորին Սրբութիւնը՝ օրին, Տիկին Անահիտի խնդրանքին եւս ընդառաջելով, օրհնած էր սիրուած երգիչ Փօլի յիշատակը եւս։

Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ կոնդակը ընթերցեց Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը մեծարեալն եւ անոր դուստրը Սիլվին զարդարեց շքանշանով եւ շքանշանին խաչ զարդասեղով։

Շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք արտասանեց մեծարեալը։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ զինք այս պատիւին արժանացնելուն համար եւ շնորհակալութիւն՝ Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. Վարչութեան՝ գնահատանքին եւ ձեռնարկը նախաձեռնելուն, ինչպէս նաեւ ներկաներուն՝ այս հանդիսաւոր պահուն մասնակից ըլլալու համար։ Ան հաստատեց, որ զօրակից է ու պիտի մնայ մեր Ս. Աթոռին ու Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան։

Երեկոն աւարտեցաւ «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա»ով, որմէ ետք ներկաները առիթ ունեցան անձամբ շնորհաւորելու մեծարեալը ու յիշատակի պատկերներ ունենալու։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022