Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Աւանդական Մեծ Պահքի Ճաշկերոյթը

Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ին, Կլենտէյլի «Vertigo Event Venue» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի աւանդական Մեծ Պահքի ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեանբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։

Նախքան ճաշկերոյթը, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան։ Օրուան պատգամը փոխանցեց Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, որ շեշտեց, թէ Քրիստոս է հոգեւոր երջանկութեան եւ ներքին խաղաղութեան միակ ճանապարհը։ «Ժամերգութեան ընթացքին, աղօթեցինք եւ ըսինք. «Տէր, արժանի չենք ողորմութեան, որովհետեւ բազմաթիւ անգամներ զղջացինք, բայց նոյն մեղքը դարձեալ գործեցինք։ Մեղայ ըսինք, բայց նոյն մեղքի ճամբէն դարձեալ քալեցինք»։ Աղօթեցինք ըսելով, որ առաջնորդէ մեզ Իր ճամբէն, որովհետեւ մեր կեանքին մէջ բազմաթիւ ճանապարհներ կան, սակայն Քրիստոս կը հաստատէ, թէ Ի՛նքն է միակ ճշմարիտ ճամբան», նշեց ան։ Թորգոմ Սրբազանը կոչ ուղղեց, որ բարձրացնենք մեր աչքերը երկրէն դէպի երկինք եւ Աստուծմէ օժանդակութիւն խնդրենք։ Կտրուինք աշխարհէն եւ կապուինք երկնքին։ Կտրուինք խաւարէն եւ բացուինք լոյսին։ Մերժենք վաղանցուկ հաճոյքը եւ ըմբոշխնենք ցնծութիւնը երկնային օրհնութիւններու։ Ապա, իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով, որ Քրիստո՛ս է միակ ճանապարհը, ուր մենք պէտք է ներկայ ըլլանք։

Ճաշկերոյթին, Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Առաջնորդական փոխանորդը, Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանն ու Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեանը եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիւանեան։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան Ատենադպրուհի Տիկին Էլիզապէթ Պոյաճեան, Թեմիս եկեղեցիներու Տիկնանց միութեանց անդամներ, գաղութի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ, Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներ ու բարեկամներ։

Բացման խօսքը արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամուհի Տիկին Մարալ Գլըճեան։ Երգուեցան Արեւագալի շարականներ, որմէ ետք կատարուեցաւ սեղաններու օրհնութիւնը։

Օրուան դասախօսն էր հոգեբան Նորա Շիթիլեան-Քէլէշեան։ Նկատի ունենալով, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2020-ը հռչակած է «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու» տարի, դասախօսուհին դիտել տուաւ, թէ մենք՝ որպէս անհատ եւ համայնք, ինչպէ՞ս կրնանք եւ պէտք է օգնութեան ձեռք երկարենք մտապէս, ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս խնամքի կարիք ունեցող մեր նմաններուն, ինչպէս նաեւ անոնց ընտանիքներուն։ Ան յայտնեց, որ ծնողներուն համար անկարողութիւն ունեցող երեխայի նախնական ախտորոշման զննութիւնը ամենադժուար մասն է, որոնք իրողութիւնը ո՛չ միայն չեն ընդունիր, այլ կտրականապէս կը ժխտեն։ Տիկին Նորան նաեւ ընդծգեց, թէ այս հանգրուանի՛ն է, որ նման մարդիկ իրենց ընտանիքին, ընկերներուն եւ համայնքին աջակցութեան կարիքը կը զգան, մասնաւորաբար՝ անոնց սիրոյն, խնամքին, հասկացողութեան, մխիթարութեան եւ օգնութեան։

Այնուհետեւ, անդրադառնալով Մեծ Պահքի խորհուրդին, ան նշեց, որ այսօր պահեցողութիւն հասկացողութիւնը դժբախտաբար նոյնացուած է սննդականոնի (diet) հետ, բայց իսկութեան մէջ ան ինքնաքննութեան, ինքնաճանաչողութեան եւ մեր հոգին, միտքն ու սիրտը սրբագրելու, խոկալու, ողորմածութիւն կատարելու, կարօտեալները խնամելու, մտապէս, հոգեպէս եւ բարոյապէս խնամքի կարօտ մեր նմաններուն օգնութեան ձեռք երկարելու շրջան է, ուր մարդ արարածը աւելի եւս կը մօտենայ Աստուծոյ՝ իր մարմինը դարձնելով Ս. Հոգիին տաճարը։ Ան յատկապէս կարեւորեց հոգեւոր պահեցողութեան անհրաժեշտութիւնը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ բարիք գործելու եւ մեր հաւատքը զօրացնելու առիթ։ Ապա, ան շարք մը օրինակներ թուարկեց, թէ ինչպէ՛ս մեր համայնքը վերջին տարիներուն ստեղծած է յատուկ խնամքի կարօտ անհատներու համար ծրագրեր, որուն առընթեր ընդգրկուած են նաեւ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ մէջ կատարուող հոգեպարար արարողութիւնները, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Հրաշք» մասնաճիւղի մարզական խաղերը, Օդիզմի Հայ Օժանդակ Մարմինի գործունէութիւնը։

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, կատարողութեամբ երգիչ Գէորգ Հաճեանի, որ ելոյթ ունեցաւ հայրենասիրական երգերով, իսկ երգեց ու քանոնի վրայ նուագեց Նեկտարին Չիլեան։

Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց օրհնութեան եւ փակման խօսքը։ Ան օրհնեց ու գնահատեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամուհիներն ու օրուան դասախօսը եւ այս առիթով իր զօրակցութիւնը արտայայտեց յատուկ խնամքի կարօտ մեր բոլոր զաւակներուն եւ մանաւանդ իրենց ծնողներուն։ Ան ուրախութեամբ յայտնեց, որ Քրեսենթա Հովիտի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութիւնները պիտի ընդարձակուին Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ, իսկ յաջորդ հանգրուանը Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցին է։ Ընդառաջելով Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, կոչ ուղղեց ներկաներուն ճիգ թափել՝ հանդուրժողութեան, կարեկցութեան եւ ողորմածութեան ոգիով մեր սէրը եւ զօրակցութիւնը բաշխելու յատկապէս յատուկ խնամքի կարօտ մեր զաւակներուն եւ հայորդիներուն։ Ան նաեւ գնահատեց Գէորգ Հաճեանն ու Նեկտարին Չիլեանը իրենց գեղեցիկ ներկայացումներուն համար։

Մէջբերելով Սոկրատեան փիլիսոփայութեան «Ծանի՛ր զքեզ» մտածումը, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ մարդ ինքնաքննութեամբ, ինքնահայեցողութեամբ, ինքնասրբագրութեամբ, վերանորոգումով, վերաթարմացումով եւ վերաշխուժացումով ինքզինք աւելի եւս կը ճանչնայ. իսկ մենք մեզ լաւ ճանչնալու համար, պէտք է մենք զմեզ լաւապէս քննենք եւ Աստուծոյ չափանիշով հայելիին նայինք, որպէսզի մենք զմեզ տեսնենք։ «Մեծ Պահքը բացառիկ առիթ է, որ մեր կեանքը կարգաւորենք, բարոյական, հոգեւոր եւ ֆիզիքական հասկացողութեամբ։ Այս բոլորը կրնանք ընել կարգապահութեամբ։ Աւելի՛ն. Մեծ Պահքի այս շրջանին մանաւանդ պէտք է Աստուծոյ հետ յարաբերութեան եւ հաղորդութեան մէջ ըլլանք, որուն ճշմարիտ ճամբան անկեղծ աղօթքն է։ Աղօթեցէք ո՛չ միայն ձեզի համար, նաեւ ձեր նմաններուն համար, որպէսզի մեր կեանքը ըլլայ աւելի խաղաղ, արդար, համերաշխ, հանդուրժողական՝ կարգապահութեան չափանիշներով առաջնորդուած», նշեց ան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022