Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահքի Ճաշկերոյթը

Չորեքշաբթի, 13 Մարտ 2019-ին, Կլենտէյլի «Լեկըսի» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի աւանդական Մեծ Պահքի ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.
buy viagra plus generic https://viagra4pleasurerx.com/viagra_plus.html over the counter

Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։

Նախքան ճաշկերոյթը, առաւօտեան ժամը 10:‎‎00-ին, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան։ Օրուան պատգամը փոխանցեց Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Ան նշեց, որ «Մեծ պահքը առիթ է, որ բոլորս ալ քննութենէ անցընենք մեր կեանքը, տեսնելու համար, թէ արդեօք որպէս քրիստոնեայ ճիշդ ճամբուն վրայ կը գտնուի՞նք, մեր առօրեային մէջ տեղ տուա՞ծ ենք աղօթքին, որ Արարիչին հետ հաղորդակցելու եզակի առիթ է, կամ՝ բարեգործութեան, որ աղօթքին գործնականացումն է ու թարգմանութիւնը հաւատքին։ Մեծ Պահքը լաւ առիթ է ինքնաքննութենէ անցընելու անձդ, եւ առաւել որակաւորելու հոգիդ՝ աղօթքով առ Աստուած ու ողորմածութեամբ մեզի նմաններուն նկատմամբ»։

Ճաշկերոյթին, Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Առաջնորդական փոխանորդը եւ քահանայ հայրեր։ Ներկայ էին մեր եկեղեցիներու տիկնանց միութեանց անդամներ, Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեանց եւ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներ ու բարեկամներ, ինչպէս նաեւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Տիար Դաւիթ Ղուկասեան եւ աշակերտներ։

Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Տիկին Վարդուկ Աւետիքեան, որ դիպուկ օրինակներով յիշեցուց պահեցողութեան կարեւորութիւնը, ընդգծելով, որ պահեցողութեան ընթացքին, քրիստոնեան կը փորձէ իր հոգին ու հաւատքը զօրացնել եւ ամրացնել։

Տեղի ունեցաւ Արեւագալի կարճ արարողութիւն մը, ապա Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։

Օրուան դասախօսն էր Մեսրոպեան վարժարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհիներէն Տիկին Արփի Ճիէրեան։ Ան հաղորդական ոճով փոխանցեց իր խօսքը ներկաները հրաւիրելով Մեծ Պահոց շրջանին իրենց հոգեւոր կեանքը նորոգելու պահեցողութեամբ, աղօթքով եւ բարեգործութեամբ ըսելով՝ «Աստուծոյ կերպարանքով ստեղծուած մարդու հոգին իբրեւ գոյ իտէալ է, եւ այսօր կարիքը ունի սանդխամատ առ սանդխամատ դարձեալ բարձրանալու եւ իր Աստուածամերձ դիրքը վերստանալու փորձ կատարելու»։

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ Րաֆֆի Քէրպապեանի, որ իր գեղեցիկ ձայնով մեկնաբանեց փունջ մը երգեր։ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին երգով, պարով ու արտասանութեամբ կազմուած յայտագիր մը։ Վարժարանին երգչախումբը մասնակցութիւն բերաւ «Մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք չենք վախի» երգով, մենակատարութեամբ Սամուէլ Գասպարեանի։ Ալիք Արթինեան արտասանեց Վ. Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»ը, երկու աշակերտուհիներ՝ Էվիքա Մելքոնեան եւ Թալիա Աւետիսեան զուգերգով կատարեցին «Եարը մարդու եարա կու տայ» երգը, մենապարի ընկերակցութեամբ Անի Թումասեանի։

Իր օրհնութեան խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալական եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց յայտագիրին մասնակիցներուն, յատկապէս Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներուն, իրենց երգի ուսուցչուհիին եւ տնօրէնին, ապա յատուկ կերպով գնահատեց օրուան դասախօսուհին, իր համապարփակ եւ ուսումնասիրուած ներկայացման համար։ Ան դիպուկ նկատեց բանախօսին այն խօսքը, թէ «Մեծ Պահքը առիթ է մարդուն, որ իր Աստուածամերձ դիրքը վերանորոգէ» եւ աւելցուց, «անհրաժեշտ է, որ բոլորս վերանորոգուինք»։ Ան յիշեցուց, որ քառասնօրեայ պահեցողութիւնը արթնութեան հրաւէր է մեր Աստուածամերձ դիրքը վերականգնելու եւ մեր ներաշխարհը վերակազմակերպելու։ Ան յորդորեց հաւատացեալները որ մեր գործերուն եւ ծառայութեան մէջ ըլլան արդար, բարի, մաքուր։ Մեր հայրապետներու իմաստուն կարգադրութեամբ, Մեծ Պահքի կիրակիները իւրայատուկ անուններով կոչուած են, որոնք յստակ պատգամներ կու տան մեզի։ Վերջապէս, շեշտը դրաւ առանց ձանձրանալու աղօթելու կարեւորութեան վրայ, որովհետեւ աղօթքը Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ կը դնէ մեզ, այսինքն, մեր սիրտերը Աստուծոյ դիմաց բանալով անոր կարեկցութիւնն ու քաջալերանքը կը զգանք մեր տխրութեան թէ ուրախութեան օրերուն։ Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը եզրափակեց մաղթելով, որ մեր հոգեւոր ճանապարհորդութեան մէջ, Մեծ Պահոց օրերուն աւելի մօտենանք Աստուծոյ, որ արժանի ըլլանք Տիրոջ գալուստը եւ յաղթական Յարութիւնը դիմաւորելու։

Ստեղծուած մթնոլորտէն խանդավառուած, ներկաներ կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022