Ազգ. Առաջնորդարանի «Լուսաւորիչ» Երգչախումբը Կը Մասնակցի «Ուղղափառ Փառաբանութեան Օր»ուան 9րդ Տարեկան Հաւաքին


Շաբաթ, 21 Մայիս 2016ին, հիւրընկալութեամբ Ղըպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սրաբիոն Եպիսկոպոսին, համայնքի Ս. Պօղոս եւ Ս. Պետրոս Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Ուղղափառ Փառաբանութեան Օր»ուան 9-րդ տարեկան հաւաքը, մասնակցութեամբ Հայ Առաքելական, Ղըպտի, Ասորի, Ռումանիոյ, Եթովպիոյ, Հնդկաստանի, Ռուսիոյ, Սերպիոյ եւ այլ քոյր համայնքներու:

Առաւօտուն մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն աւարտին, ներկաները ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Ապա, եկեղեցւոյ կողքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միացեալ ճաշ ու ծանօթացում։ Պաշտօնական յայտագիրին ընթացքին, իւրաքանչիւր եկեղեցի իր լեզուով ներկայացուց իր շարականներէն ու հոգեւոր երգերէն փունջ մը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, Ազգ. Առաջնորդարանի «Լուսաւորիչ» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի, այս տարի եւս մասնակցութիւն բերաւ յայտագիրին, ներկայացնելով երեք շարականներ՝ «Տէր Ողորմեա», «Գոհանամք» եւ «Գովեա Երուսաղէմ զՏէր»։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022