Վերամուտ Ազգային Վարժարաններու

Երեքշաբթի, 20 Օգոստոս 2019-ին, 2019-2020 տարեշրջանի վերամուտին առթիւ, Ազգային վարժարանները պաշտօնապէս իրենց դռները բացին, բարի գալուստ մաղթելով աշակերտութեան։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձրշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, շրջաններու հոգեւոր հայրերը մասնակից դարձան վերամուտի բացման արարողութիւններուն, աղօթք կատարեցին եւ ընթերցեցին այս առիթով Սրբազան Հօր ուղղած պատգամը։

Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի 50-րդ վերամուտին առթիւ, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ գտնուեցաւ Վարժարանի բացման արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը, օրհնեց տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը, աշակերտութիւնն ու ծնողները։ Սրբազան Հօր կողքին էր Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։

Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Տիար Կարօ Իսբէնճեան, Ազգ. Վարժարաններու խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչ՝ Տիար Սարգիս Ուրֆալեան, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, տնօրէնութիւն, ուսուցչակազմ, ծնողներ եւ աշակերտներ։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի աղօթքով։ Աշակերտական խորհուրդի անդամները արտասանեցին հայերէն եւ անգլերէն ուխտերն ու երգեցին հիմներգները։ Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Անգլերէնի ուսուցչուհի Տիկին Փաթիլ Տէր Յովակիմեան, որ նաեւ օրուան հանդիսավարն էր։ Շնորհաւորանքի խօսքեր արտասանեցին եւ գնահատագիրներ յանձնեցին Դաշնակցային խորհրդարանի անդամ՝ Էտըմ Շիֆի, ծերակուտական՝ Էնթընի Փորթանթինոյի, եւ Լոս Անճելըսի քաղաքական խորհուրդի անդամ՝ Միչ Օֆերըլի ներկայացուցիչները։ Հայերէնի ուսուցչուհի՝ Տիկին Սօնա Մատարեան ուղղեց իր պատգամը, իսկ աշակերտները ելոյթ ունեցան 50-ամեակին ձօնուած խօսքերով եւ մշակութային ներկայացումներով։

Վարժարանի տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Ալինէ Դուրեան ուղղեց իր խօսքը, անդրադառնալով վարժարանի յիսնամեայ աւանդին եւ ժառանգութեան, որուն հիման վրայ, կէս դարէ ի վեր Փիլիպոսը կ՛առաջնորդուի ո՛չ միայն ուսում ջամբելով աշակերտութեան, այլ անոնց մտքերն ու հոգիները դաստիարակելով հայեցի շունչով։ Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր անցեալի ու ներկայի ուսուցիչներուն եւ պաշտօնէութեան, իրենց ջանասիրութեան համար, իսկ աշակերտները խրախուսեց, որ միշտ շարունակեն լաւագոյնին ձգտիլ, բարձունքներ նուաճելու, հաւատարիմ մնալով իրենց ազգային անժամանցելի արժէքներուն։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին սկիզբը ողջունեց տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Ալինէ Դուրեանն ու օգնական տնօրէնուհի՝ Տիկին Մարալ Դաւիթեանը եւ վարժարանի համայն ընտանիքը, որոնք իրենց ոսկեայ յոբելեանին ընդմէջէն նոր նուաճումներ պիտի արձանագրեն, հարուստ անցեալի աւանդով, ամրակուռ ներկայով եւ խոստմնալից ապագայով։ Ան օրհնեց եւ գնահատեց բոլոր ուսուցիչները, որոնք նուիրումով կը կատարեն իրենց աշխատանքը, ինչպէս նաեւ գնահատեց ծնողները, իրենց ցուցաբերած սիրոյն , զոհողութիւններուն եւ նուիրուածութեան համար։ Ան մաղթեց, որ նոր ուսումնական տարին օրհնուի տիրոջմով եւ ըլլայ յաջող ու արգասաբեր։

Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց, որ անոնք միշտ յիշեն եւ երախտագէտ ըլլան, հայկական վարժարան յաճախած ըլլալու առանձնաշնորհումին համար։ Հայկական Վարժարանը, սոսկ ուսումնարան մը չէ, այլ կրթարան մը, ուր կը կազմաւորուի իրենց հայկական ինքնութիւնը։ «Օգտուեցէ՛ք այս իւրայատուկ առիթէն, որ կը շնորհուի ձեզի, սորվեցէ՛ք մեր լեզուն եւ աղօթքները, սորվեցէք մեր հարուստ պատմութեան, հինաւուրց հայրենիքին եւ հաւատքին մասին, եւ մտածեցէք, թէ ի՞նչ ներդրում կրնաք ունենալ մեր ազգին յառաջդիմութեան մէջ» շեշտեց ան։ Եզրափակելով իր խօսքը, ան անգամ մը եւս օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց բոլոր անոնց,որոնք ներդրում ունեցած են մեր ազգային վարժարաններու յարատեւ յաջողութեան մէջ, ըլլան անոնք իրերայաջորդ խնամակալ մարմինի անդամներ, տնօրէններ, վարիչներ, հոգաբարձական կազմեր, ուսուցչակազմեր եւ կամաւորներ։

Յայտագիրը եզրափակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչով» եւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ։

Ամառնային արձակուրդի ընթացքին, կարգ մը Ազգ. Վարժարաններ իրենց կառոյցներու վերաշինութեան ձեռնարկեցին։ Անոնցմէ էր Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանը, որ օժտուեցաւ երկու նոր դասարաններով եւ նոր խաղավայրով։ Դասարաններու բացումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 15 Օգոստոսին, իսկ խաղավայրին բացումը՝ Երկուշաբթի, 19 Օգոստոսին։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազանին, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան մասնակցեցաւ արարողութեանց։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022